Մինչ Ապրայի Մէջ Բանակը Իր Առաքելութիւնը Կը Շարունակէ, Նոյն Շրջանին Մէջ Գտնուող Հըզպալլայի Բնակարանները «Կը Ներկայանան» Լիբանանցիներուն

Ահմետ Ասիրի կողմէ մնայուն կերպով դատապարտուող եւ զինեալներէն ու զինամթերքէն անոնց դատարկումը պահանջուող, Ապրայի մէջ գտնուող Հըզպալլայի բնակարանները երէկ լսատեսողական լրատուամիջոցներուն կողմէ ներկայացուեցան բոլոր լիբանանցիներուն:

Բնակարանները դուրս եկան իբրեւ սովորական բնակարաններ, ուր կ՛ապրէին հարաւային Լիբանանէն ընտանիքներ` առանց Հըզպալլայի զինեալներու նշոյլին իսկ գոյութեան:

Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ պատասխան տրուեցաւ Ապրայի ճակատին մէջ կարգ մը պատկերասփիւռի կայաններուն սփռած նկարներուն եւ վիտէօներուն:

Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ Սայտայի մէջ բանակը առանձին կռուած է եւ ընդգծուեցաւ, որ բանակի հրամանատարութիւնը պիտի չարտօնէ, որ տեղեկատուական մակարդակի վրայ իր նահատակները վարկաբեկուին:

Հաղորդագրութիւնը աւելցուց, որ լուսանկարներուն մէջ առանց տարազի զինեալները բանակի գաղտնի սպասարկութեան անդամներ են:

Բանակի հաղորդագրութիւնը ցաւ յայտնեց, որ կարգ մը լսատեսողական լրատուամիջոցներ շինծու նկարներ եւ վիտէօներ սփռած են, այնպիսի վիտէօներ, որոնք ոեւէ մասնագէտի կողմէ կրնան բացայայտուիլ:

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուեցաւ, որ կարգ մը լրատուամիջոցներու կողմէ ցուցաբերուած այս վարուելակերպը տեղեկատուական գայթակղութիւն է, ինչպէս նաեւ բանակի նահատակները երկրորդ անգամ եւ յաւելեալ սառնարիւնութեամբ սպաննելու համազօր է:

«Բանակը լուռ պիտի չմնայ տեղեկատուական առումով իր նահատակները թիրախ դարձնելու արշաւին դիմաց եւ պիտի դիմէ դատական համապատասխան իշխանութիւններուն, որպէսզի կարելի ըլլայ բանակին դէմ յարձակողներուն նկատմամբ արդար պատիժ սահմանել», ընդգծուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Նշենք, որ զինուորական ատեանին մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր անձամբ կը հսկէ  Ապրայի մէջ ձերբակալուած 180 յանցագործներուն հետ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան կատարած հարցաքննութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES