Միջցամաքամասային Ֆութպոլի Մրցաշարք. Սպանիա Եւս Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը
Երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ Միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքին կիսաւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Իտալիա եւ Սպանիա:
Նախանցեալ օր տեղի ունեցած կիսաւարտականի առաջին ճակատումին, մրցաշարքը հիւրընկալող երկիրը` Պրազիլ, ապահոված էր աւարտականի իր տոմսը` 2-1 արդիւնքով յաղթելով Ուրուկուէյի:
Թէեւ Ա. կիսախաղին Պրազիլ 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ` շնորհիւ Ֆրետի նշանակած կոլին (41-րդ), սակայն 14-րդ վայրկեանին Տիեկօ Ֆորլան ձախողեցաւ ի նպաստ իր կազմին` Ուրուկուէյի փենալթին կոլի վերածել:
Թէեւ Քաւանի յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել (48-րդ), սակայն Փաուլինիօ 86-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը` ձեւով մըն ալ արգելք հանդիսանալով, որ մրցումը ուղղուի դէպի երկարաձգում:
Աւարտականին Պրազիլ պիտի մրցի Սպանիոյ դէմ, որ այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերուն 7-6 (փենալթիներով) արդիւնքով յաղթեց Իտալիոյ:

