Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ բոլոր այն մարզիչները, որոնք ասիական Բ. կարգի վկայական ունին եւ կ՛ուզեն Ա. կարգի մարզիչի դասընթացքներուն մասնակցիլ, պարտին առաւելագոյնը մինչեւ երկուշաբթի, 15 յուլիս 2013, իրենց անունները արձանագրել ֆետերասիոնին մօտ: Այդ դասընթացքները տեղի պիտի ունենան 19 օգոստոսէն 14 սեպտեմբեր` Պէյրութի մէջ:

Մասնակիցները պէտք է ներկայացնեն հետեւեալ փաստաթուղթերը. իրենց ակումբէն պաշտօնական նամակ, գունաւոր լուսապատճէն անցագիրի կամ անձնաթուղթի, լուսանկար մը եւ 400 ամերիկեան տոլար:

12-23 օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ ֆութսալի մարզիչներուն յատուկ այլ դասընթացք մըն ալ, որուն մակարդակը պիտի ըլլայ ասիական Բ. կարգի: Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամն է երեքշաբթի, 9 յուլիս 2013-ը:

Վերոնշեալ թուղթերը նոյնութեամբ պիտի բերուին, իսկ գումարը պիտի ըլլայ 300 ամերիկեան տոլար:

Ֆետերասիոնը վաւերացուց Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումին արդիւնքը, որուն ընթացքին Սաֆա 2-1 արդիւնքով յաղթեց Շապապ Սահելին:

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանին 3-րդ դիրքը գրաւած Ռասինկ իրաւունք ստացաւ մասնակցելու 2013-2014 տարեշրջանի Արաբական ախոյեանութեան մրցաշարքին:

Ֆետերասիոնը շնորհաւորեց Հիլալ Հարեթ Նաամէն, որ հանդիսանալով Դ. դասակարգի ախոյեան, բարձրացաւ Գ. դասակարգ: Անոր հետ Գ. դասակարգ բարձրացան նաեւ Զամալեք Պէյրութ եւ Քֆար-Ռըմման:

Պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ 2013-2014 տարեշրջանին համար Ա. եւ Բ. դասակարգերու խումբերուն գծով օտար մարզիկներու ստորագրութիւններուն համար ճշդուած թուականն է 1 յուլիս 2013 – 18 սեպտեմբեր 2013-ը` ամառնային փոխանցումներուն համար, իսկ 25 դեկտեմբեր 2013 – 21 յունուար 2014-ը` ձմեռնային փոխանցումներուն համար:

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին բաժակի մրցաշարքը պիտի սկսի կիրակի, 18 օգոստոսին, Լիբանանի ֆութպոլի գերբաժակի մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 15 սեպտեմբերին, բաժակի մրցումները սկիզբ պիտի առնեն շաբաթ, 21 սեպտեմբերէն սկսեալ, Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանը` շաբաթ, 21 սեպտեմբերէն սկսեալ, իսկ Բ. դասակարգինը` շաբաթ, 28 սեպտեմբերէն սկսեալ:

Որոշուեցաւ 2013-2014 տարեշրջանէն սկսեալ կատարել մրցաշարք մը` «Թահատտի բաժակ» անուան տակ, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդէն 10-րդ դիրքը գրաւողները, ինչպէս նաեւ Բ. դասակարգէն Ա. դասակարգ բարձրացած խումբերը: Այս մրցաշարքը պիտի սկսի շաբաթ, 17 օգոստոսէն սկսեալ:

Ֆետերասիոնը հրապարակեց 2013-2014 տարեշրջանին բոլոր դասակարգերուն մաս կազմող խումբերուն ցանկը` հետեւեալ ձեւով.

Ա. դասակարգ` 12 խումբ, Բ. դասակարգ` 14, Գ. դասակարգ` 14 եւ Դ. դասակարգ` 96: Վերջին դասակարգին խումբերը բաժնուած են հետեւեալ ձեւով. Լեռնալիբանան` 32, Պէյրութ` 7, հիւսիս` 22, հարաւ` 21 եւ Պեքաա` 14:

Նշենք, որ ՀՄԸՄ մաս կը կազմէ Գ. դասակարգին, իսկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` Դ. դասակարգի Լեռնալիբանանի նահանգին:

 

Share this Article
CATEGORIES