Թեւեզ Միացաւ Եուվենթուսի` Ստանալով Տել Փիերոյի Թիւ 10 Շապիկը

Քարլոս Թեւեզ (ձախին)

Արժանթինցի յառաջապահ Քարլոս Թեւեզ, լքելով իր ակումբը` Մանչեսթըր Սիթին, միացաւ Եուվենթուսի, 3 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով Իտալիոյ ախոյեանին հետ:

Թէեւ անոր փոխանցման գումարին մասին ոչինչ յայտարարուեցաւ, սակայն ըստ իտալական մամուլին, անոր փոխանցումը Եուվէի համար արժեց 12 միլիոն եւրօ:

Ակումբին տոմարներուն վրայ ստորագրելէ ետք, անոր տրուեցաւ ակումբին նախկին մարզիկներէն Ալեսանտրօ Տել Փիերոյին հագած թիւ 10 շապիկը:

Նախապէս Միշել Փլաթինի եւ Ռոպերթօ Պաճիօ եւս Եուվէի հետ հագած են թիւ 10 շապիկը:

Share this Article
CATEGORIES