ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՀԱՄԱՐԺԷՔ ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄԻ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԵԱՄԲ (ՄԱՅԻՍ 28-Ի ԱՌԻԹՈՎ)
Օրին, խորհրդային կարգերու ներքեւ իսկ, երբ հայրենի ժողովուրդի դիմաց ստեղծուեցաւ առիթը համազգային արժէքներու փառաբանանքը կատարելու, վերյիշելու ու վերապրելու ազգային պայքարի մէն մի դրուագ եւ խորհուրդ, ան չզլացաւ եւ երկնեց իր ցեղային առանձնայատկութիւններէն ճառագայթող աքթը` Սարդարապատի յուշահամալիրի կառուցումը:
Սա այն հրաշափառ արարքն էր, որ կը պարփակէր բազմաթիւ իմաստներ, հակառակ բռնատիրական վարչակարգին եւ ապազգային ենթահողին:
Բնականաբար, համազգային ներշնչող նման երեւոյթի դիմաց, սփիւռքահայը իր կարգին քաջալեր կը հանդիսանար, կը ջատագովէր, ի խորոց սրտի կը գնահատէր, սիրտերն ու հոգիները կը թնդացնէր, եւ, առանձնապէս կ՛ուզէր այդ նուիրական մտայղացումին մէջ տեսնել պայծառամիտ վարքագիծերու ներդաշնակութիւնն ու ազգային վերաբերումի կատարեալ հնչեղութիւնը:
Աւելի՛ն. թէեւ գողտրիկ եւ ծածուկ, բայց անպայման իր խորհուրդով բացառիկ, այս անգամ հայրենի ժողովուրդը իր ձեռներէց հայորդիներու իսկ վկայութեամբ եւ ներգործօն տիպականութեամբ, կը լծուէր Հայաստանի անկախութեան կերտիչին` Արամ Մանուկեանի գերեզմանին վրայ խաչքարի զետեղումին եւ անոր սուրբ մասունքներով հաղորդուելու հրամայականին:
Ճիշդ է, որ վերոնշեալ իրադարձութիւններ` հայրենի ժողովուրդի իսկ ձեռամբ կատարուած, կը պատկանին անցեալին, այդուհանդերձ, անոնց որոշակի թելադրականութիւնն ու խորիմաստ արժէքը կը պահեն իրենց ուժական ներկայութիւնը ու պիտի մնան իբրեւ այդպիսին` դարերու պաստառին վրայ:
Որովհետեւ, ազգային առողջ բովանդակութեամբ յատկանշուող արարքներ եւ ցեղային առանձնայատկութիւններու բնորոշ գործընթացներ մնայուն գանձեր են` անփոխարինելի եւ մշտնջենական, սերունդներ հոգեզինելու կարողութեամբ եւ առինքնող ազդուութեամբ օժտուած:
Տարօրինակ զուգահեռով մը պարզենք պատկեր մը. հանրապետական Թուրքիոյ գազանաբարոյ ներկայացուցիչ` Քեմալ Աթաթուրքին շնորհեց «Բոլոր ժամանակներու հայրն ու նորակերտ Թուրքիոյ կերտիչը» տիտղոսը, եւ սա այնպիսի ներբողներու ուղեկցութեամբ եւ ներկայացումով, որ եւրոպացի զբօսաշրջիկն անգամ տարուած նման ստապատիր խօսքերէ, իր կարգին կը հմայուի նման բացատրութիւններու ի տես:
Ի դէպ, թրքավարի նման վերաբերումներու հեղեղ կը տողանցեն թրքական զանգուածային լրատուամիջոցներու թէ օտար պատկերասփիւռի կայաններու պաստառներուն վրայ, պէս-պէս յայտագիրներու ընդմէջէն:
Անցնինք մեր ածուին:
Հարկադրաբար ամէն առիթի անդրադարձ կը կատարուի նման երեւոյթներու, ոչ թէ ներազգային կեանքի յոռի երեսները մատնանշելու կամ քննադատելու, այլեւ փոխանցելու այն վաւերական իրականութիւնը, թէ ազգերու գոյութենական պայքարի ճանապարհին վրայ, յառաջընթացին թէ տեղատուութիւններու ժամանակ, միակ ու ամէնէն կատարեալ ապաւէնը կը մնան ազգային ներշնչանք եւ արժանապատուութիւն ներարկող խորհրդանիշներն ու արարքները:
Իրօք, մեկնելով հայոց պատմութեան տարբեր ժամանակներու խորապատկերէն, հասնելու համար ժամանակակից ներազգային կեանքի իրադարձութիւններուն, կա՞յ աւելի՛ ներշնչող, աւելի՛ հերոսացնող, առաւել ինքնավստահութիւն եւ հայրենասիրութիւն ջամբող, վեհափառ կեցուածքներու առաջնորդող եւ հայութիւն բուրող արարք, քան մայիսեան անկրկնելի մարտնչումները զազիր թուրքին դէմ, եւ յաղթանակի պսակադրումը հայրենի հողին վրայ, հերոսածին ու գաղափարական վեհութեամբ անձնադրոշմ ղեկավար հայորդիներու ձեռամբ:
Փաստօրէն, հայոց պատմագրութիւնը հաստատած է հիմքը այն բոլոր գործօններուն ու իրադրութիւններուն, որոնք մղեցին ազգ մը ամբողջ վերապրելու սարդարապատեան կամքի ու արութեան խորհրդանիշերը, այս անգամ Արցախի սխրանքներու վայելչութեամբ, ուր, թուրք-ազերի հորդաներու դէմ Հայկեան բազուկը կ՛երկնէր իր ազատ, անկախ ու միացեալ ապրելու դարերու երազանքը:
Եթէ երբեք մայիս 28-ով նուիրականացած արժէքային համակարգը` ժողովուրդ մը ազգի պատուանդանին հասցնելու եւ հողատարածք մը հայրենիքի վերածելու հասկացողութեամբ կը մնան անժամանցելի, ապա, ինչո՛ւ այն ամօթխած եւ անըմբռնելի մօտեցումը ներկայ ժամանակներուն, հայրենի պետական այրերու կողմէ:
Այլ խօսքով, վերանկախ հայրենիքի երկնակամարին տակ, ինչո՛ւ կը յամենայ համազգային տարողութեամբ կեցուածք ճշդելու հրամայականը, նախ` 28 մայիսի անկորնչելի հայեցակարգը լիարժէքօրէն խարսխելու հայ պետական մտածողութեան մէջ, ապա` այդ փառահեղ յաղթանակի կերտիչին` անզուգական կերպարին նկատմամբ համազգային վերաբերումի բացակայութիւնը:
Ճիշդ է, որ առկայ է այսպէս ասած ժուժկալ ու կիսապաշտօնական վերաբերում մայիս 28-ի կերտիչին նկատմամբ, գէթ տարին անգամ մը, անոր շիրիմին այցելութեամբ, սակայն, ո՞ւր են այն պետական մակարդակի գործընթացները` աւելի եւս պայծառացնելու անոր դիմագիծն ու հայրենանուէր գործունէութիւնը:
Զուր տեղ կը փորձուի Արամ Մանուկեանի կերպարին բնորոշումը սոսկ կուսակցական պատկանելիութեան ծիրին մէջ պահել եւ ատով բաւարարուիլ, որովհետեւ, Արամներու հոգեկերտուածքն ու գաղափարական ներաշխարհին ամբողջ կառուցուածքը անտարակոյս դաշնակցական մտքի ու գործի արտայայտութիւն են, այդուհանդերձ, անոր գերազանցապէս հայրենասէր ու ժողովրդանուէր էութիւնը, անբասիր ու ծառայասէր շաղախը` ազգային շտեմարանի պահուածք էր:
Այս առումով, թէեւ դաշնակցական իրականութեան համար Արամի շունչն ու ոգեկան բարձրութիւնը ինքնատիպ են ու յաւերժական, միեւնոյն ատեն անոր կերպարին բարեմասնութիւններու հրայրքը ջրդեղելու հրաւիրուած է հայրենի պետական մտածողութիւնը` հայավայել որոշակի գործընթացներու ընկալումով:
Հարկ կա՞յ ընդգծել, թէ մեզի համար վարկաբեկիչ է ուրիշներէ կամ թշնամիէ դասեր քաղել, ազգային հերոսագրութեան մէջ իրենց եզակի ներկայութեամբ բնորոշ անհատականութիւններու նկատմամբ արժանավայել վերաբերում եւ համարժէք կեցուածք ճշդորոշելու մէջ ուշացած ըլլալն ու ամօթխածութեամբ տարուիլը:
Արամներ իրենց ժամանակին մէջ դարձան ազգակերտ տիտաններ. հարկ է, որ ժամանակակիցներէս դառնանք անոնց ազգակիցներ, տիրութիւն ընելով անոնց կառուցած քաղաքական ու գաղափարական փարոսին` կարենալ դիմակայելու համար ներկայ դարու այլատեսակ հորդաներու ներխուժումն ու գազանաբարոյ մտադրութիւնները:
Պատմութեան թաւալքը կը յուշէ, թէ ազգը ամէն քայլափոխի ստեղծելու է իր նորովի արժէքներու համակարգը` զոհողութիւններու եւ նուիրումի պատուանդանը, չվերանալու պատմութեան դարպասէն:
Արամ Մանուկեան իր վեհափառ օրինակով իսկ ցոյց տուաւ մեզի այդ լուսակերտ ճանապարհը:
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ