ՎԵՐԱՊՐԵԼՈՒ ԵՒ ԳՈՅԱՏԵՒԵԼՈՒ ԿԱՄՔԻ ՈՒԺԻ ՏՕՆԸ
Այսօր, երբ կը տօնենք Հայաստանի անկախութեան տօնը, անոր հետ միատեղ կը նշենք նաեւ այդ պատմական ձեռքբերման աղբիւրին` հայ ժողովուրդի վերապրելու եւ գոյատեւման աննկուն կամքին տօնը:
Հայոց ցեղասպանութենէն հազիւ երկու տարի ետք, հայ ժողովուրդի ռուս դաշնակիցները կը լքէին կովկասեան ճակատն ու իրենց հայ զինակիցները, որոնք իրենք զիրենք առանձին կը գտնէին յառաջացող թրքական ուժերուն դիմաց, որոնց սուրերէն կաթող հայու արիւնը դեռ թարմ էր:
Հայոց ցեղասպանութեան պատճառած մեծ ցնցումն ու անկէ յառաջացած բնաջնջումէն վախի հոգեբանական ծանր ազդակը, որ այլապէս կրնար բարոյալքիչ ազդակ մը ըլլալ, հայ ժողովուրդը կը մղէր կտրուկ կերպով մերժելու մահը եւ գերմարդկային վճռակամութեամբ փարիլ կեանքին ու գոյատեւման: Ահա, թէ ինչո՛ւ մայիս 28-ը Հայաստանի անկախութեան տօնը չէ միայն, այլ նաեւ` հայ ժողովուրդի վերապրելու եւ գոյատեւման կամքին տօնը:
Չինացի իմաստասէր Կոմփիկիոս կը յայտնէ, թէ «մեծագոյն փառքը բնաւ չիյնալուն մէջ չէ, այլ` իւրաքանչիւր անկումէ ետք ոտքի կանգնելուն»: 1915-ին հայ ժողովուրդը անկում մը ապրեցաւ, սակայն հազիւ երեք տարի ետք` 28 մայիս 1918-ին, շնորհիւ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի մէջ, այլապէս անյոյս պայմաններու մէջ իր արձանագրած յաղթանակներուն, հայ ժողովուրդը դարձեալ ոտքի կանգնեցաւ:
Հետագային, 7 դեկտեմբեր 1988-ին Հայաստանը հարուածած աւերիչ երկրաշարժէն երեք տարի եւ դարձեալ անյոյս թուացող պայմաններէ ետք, հայ ժողովուրդը յաղթանակ արձանագրելով` Արցախի հանրապետութեան անկախութիւնը հռչակեց: Այսպիսով, պատմութիւնը եկաւ մեզի, մեր բարեկամներուն ու թշնամիներուն ցոյց տալու, թէ այն ինչ որ 1918-ին տեղի ունեցաւ, պատահականութեան մը արդիւնքը չէր, այլ` հայ ժողովուրդի վերապրելու կամքին պտուղը:
Այդ կամքը կարելի է տեսնել նաեւ Ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդին ոդիսականին մէջ: Հարազատներէն բաժնուած, անոնց ահաւոր սպանութեան ականատես կամ անոնց ճակատագիրէն անտեղեակ, օտար ափեր հասած, տեղւոյն լեզուին անծանօթ ու ոտաբոպիկ այդ սերունդը հիմնեց` հայ ընտանիքներ, տարբեր կազմակերպութիւններ, միութիւններ ու գործատեղիներ, կառուցեց` բնակարաններ, եկեղեցիներ ու դպրոցներ, որոնց բոլորին արժէքը այսօր շատեր կը թերագնահատեն: Մեծ աղէտի մը բնական ծնունդը եղող հոգեբանական ծանր պայմանները յաղթահարելով` անոնք հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ հայ համայնքին բարգաւաճման պայմանները ստեղծեցին:
Կամք, կազմակերպուածութիւն եւ որակ. ահա այս եղած է մեր ազգի եւ ինքնութեան գոյատեւման գրաւականը: Այժմ մենք հրաւիրուած ենք պահելու հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ բարգաւաճման այդ գրաւականը: Ուստի պէտք չէ արտօնենք, որ կեանքի արդի պայմաններու ստեղծած դիւրութիւններն ու դժուարութիւնները սպաննեն մեր մէջ գոյութիւն ունեցող վերապրելու եւ գոյատեւելու հայու այդ բնազդն ու ոգին: Մեզմէ հեռու մղենք ամէն թուլասրտութիւն: Կառչինք մեր նախնիներուն պողպատէ կամքին:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ