ԿԸ ԽՈՆԱՐՀԻՄ ՎԵՀՈՒԹԵԱՆԴ ՈՒ ՆՈՒԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆԴ ԴԻՄԱՑ

1980¬ական թուականներու  պատերազմին  ամէնէն դաժան հանգրուանն էր: Ամէն բան սեւ էր ու դաժան, կեանքի մասին մտածող չկար, այլ մահէն փախուստի հեւքն էր մարդոց միակ մտահոգութիւնը. օդին մէջ տխուր բան մը կար, կար ռունգ ծակող հոտը վառoդին, թնդիւնը` մահուան սուրհանդակ ռումբերուն, կային «Սաութ Լուպնէն»էն հնչող ու պատերազմի մթնոլորտին հետ ներդաշնակուող երգերը` Ֆէյրուզին, Ժուլիային, Մաժիտա Ռումիին, Ուատիհ Սաֆիին, որոնք յաճախ կ՛ընդհատուէին վերջին լուրերու հաղորդումներով, որոնք ո՛չ մէկ անգամ դրական էին… Պատերազմական ու սարսափ ներշնչող էր մթնոլորտը, մանուկ էինք, բայց լաւապէս կը գիտակցէինք, որ մանկութիւն չէինք ապրեր…

Մանուկներուս քանի մը օրուան ծարաւը յագեցնելու եւ մեր տրտունջները լռեցնելու նպատակով մայրս եւ մեր դրացի առոյգ մեծ մամիկը փութացին Պուրճ Համուտ` դատարկ շիշերով լեցուն տոպրակները օրօրելով: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան որջը եղող մեր ապրած Քարանթինա շրջանին մէջ կեանքը ամբողջովին կանգ առած էր, խանութները վերջնականօրէն փակած էին իրենց դռները, բնակիչներուն մեծամասնութիւնը գաղթած էր: Աւելի՛ն. ո՛չ միայն ելեկտրականութիւնը ամբողջովին ընդհատուած էր, այլ ըմպելի ջուր ունենալու ոչ մէկ կարելիութիւն կար, որովհետեւ շրջանին մէջ յայտնաբերուած միակ ջրհորը մեզի «կը շնորհէր» դեղին ու տարօրինակ հոտ ունեցող հազիւ գործածելի ջուր միայն: Պուրճ Համուտի մէջ, սակայն, կային ջրհորներ, որոնք ըմպելի ջուր կը հայթայթէին ժողովուրդին, իսկ մեր ազգականներէն մէկուն միջնորդութեամբ երբեմն¬երբեմն մենք եւս այդ ջուրէն քանի մը շիշ ունենալու բախտին արժանի կ՛ըլլայինք:

Կարելի եղածին չափ մեծ թիւով տարբեր ձեւի ու չափի շիշերով օժտուած կիները գրեթէ կը վազէին. զինադադարը քանի մը ժամուան համար էր, ռմբակոծումները կրնային շուտով վերսկսիլ, իսկ մեր դիմաց փռուած եւ քուն չճանչցող զոյգ մայրուղիները շատոնց մահաքունի մէջ էին, վաղուց սլացող ու կեանք յուշող ինքնաշարժներու փոխարէն` դիակներ կը գրկէին, որովհետեւ քիչ անդին դէպի երկինք սլացող Պըրժ Էլ Մըրին մէջ տեղակայուած արձակազէններ դէպի երկինք կը տանէին մայրուղիէն անցնիլ փորձողներուն մեծամասնութիւնը…

Դէպի Պուրճ Համուտ փոխադրող ինքնաշարժ մը գտնելը հրաշքի համազօր էր, ուստի անձնական ուժին ու ոտքերուն վստահիլը միակ ելքն էր: Դատարկ շիշերով լեցուն տոպրակներով երթալը հարց չէր, մեր տունէն «դէպի աղբիւրը ըմպելի ջուրի» կ՛առնէր շուրջ 25-30 վայրկեան, տակաւին հոն կար ջուրի հերթ սպասելը, մանաւանդ որ զոյգ մը կիները օտար էին, Պուրճ Համուտէն չէին, ուստի աւելի երկար կրնային սպասել եւ ուշանալ: Իրենք կ՛ուշանային, սակայն չէր ուշանար զինադադարի աւարտման ժամկէտը… Սպասումը հետզհետէ կը դառնար աւելի տաժանելի ու ահաւոր. երկրորդ յարկի վրայ գտնուող մեր բնակարանը չորրորդ յարկէն աւելի ապահով սեպելով` մեր դրացիներն ալ իրենց փոքրիկներով փոխադրուած էին մեր տունը:

Սիրելի մայրս ու գուրգուրոտ մեծ մամիկը ուշացան, մտահոգութիւնը հետզհետէ աւելի բացայայտ սկսաւ դառնալ տնեցիներուն դէմքերուն վրայ, քիչ ետք մանուկները եւս տագնապելու սկսան, սպասումը սկսաւ ահաւոր ու ճնշիչ դառնալ, վայրկեանները շատ արագ կը սուրային, ձայնասփիւռի խօսնակը Մաժիտա Ռումիի «Քումի եա Պէյրութ» երգը կ՛ընդհատէր` յայտնելու, որ տարբեր շրջաններու մէջ հրացանաձգութիւնները սկսած էին: Ասիկա կանաչ լոյս էր ռումբերուն, քիչ ետք անոնք եւս «գործի պիտի անցնէին»: Ու անցան… Մեր կիները կ՛ուշանային, մանուկներս գրկած էինք պատշգամի բազրիքը եւ հազիւ կրնայինք զսպել մեր արցունքները: Բոլորիս նայուածքները ուղղուած էին երկու մայրուղիներուն միւս կողմը` անկիւնի վրայ զետեղուած Մարիամ Աստուածածինի արձանին, ուր մայրուղին կը միանար ներքին գիծին, որ կը տանէր Պուրճ Համուտ: Հոնկէ պիտի ծագէին մեր սիրելիները, անոնք քանի մը ժամ առաջ հոնկէ անհետացած էին: Հրացանաձգութեան ձայն կը սկսի լսուիլ նաեւ մեր մօտակայքէն, աւելի փոքրերը կը սկսին հեկեկալ ու աւելի ամուր գրկել բազրիքը` արցունքոտ աչքերն անգամ այդ կէտէն չհեռացնելով: Պայթիւնները կը սաստկանան, աւելի չափահասները մերթ կը նային Պըրժ Էլ Մըրին, մերթ` մայրուղին ու ներքին փողոցը կապող կէտին… Արդեօք արձակազէնները դիրքաւորուա՞ծ էին արդէն… Մանուկներս հոնկէ հեռացնելու եւ ներս տանելու բոլոր փորձերը կը ձախողին, հակառակ անոր որ մեր պատշգամը եւս անապահով էր այդ պայմաններուն մէջ:

Մահուան վտանգը արդէն իր թակարդները լարած է մայրուղիին վրայ գրեթէ ամէն տեղ, անիկա տարածած է իր ուռկանը ու կը սպասէ… Եւ մենք ալ կը սպասենք, կը սպասենք մեզի կեանք տուողին, մեզ լոյս աշխարհ բերողին, կը սպասենք մեր խիզախ մամային ու դրացի քաջ մեծ մամիկին…

¬ Կարծեմ եկան,¬ կը գոռայ մանուկներէն մէկը` մատնացոյց ընելով թաղին անկիւնը…

Բոլորս կը սառինք, շնչառութեան ձայները յանկարծ կ՛անհետանան, աչքերը չենք թարթեր… Չկան տակաւին, ուրեմն իրենք չե՞ն…

Ժամերու նմանող քանի մը վայրկեան ետք կ՛երեւին անոնք` մայրս եւ մեծ մամիկը. անոնք հազիւ կրնային քալել, որովհետեւ անտանելի ու աներեւակայելի կերպով ծանրաբեռնուած էին. դատարկ շիշերը երազային ըմպելի ջուրով լեցուած էին, սակայն այդ երազը շատ ծանր էր, երբ իւրաքանչիւր տոպրակի մէջ շուրջ տասը շիշ «նստած» ըլլայ: Հակառակ արագ շարժելու փորձերուն, անոնք կը յառաջանային դանդաղ ու ծանր… Անոնք եւս մերթ կը նայէին բարձր շէնքին կողմը: Ռումբերուն շաչիւնները աւելի կը բարձրանային ու կը մօտենային. համոզուելով, որ մաման ու մեծ մամիկը հասան, քանի մը մանուկներ կը մտնեն ներս, իսկ մենք տակաւին հոն ենք, կը հետեւինք անոնց երթին…

Մայրուղիին ճիշդ մէջտեղը մայրս յանկարծ ետ կը դառնայ ու գետին կը ծռի… Սարսափով կը նայինք տեղի ունեցածին, սրտերու տրոփումը կ՛արագանայ… Ինկա՞ւ արդեօք. կ՛անդրադառնանք, որ տոպրակներէն մէկը պատռուած էր, եւ ջուրի շիշերը մէկը ինկած էր, իսկ որքա՜ն թանկարժէք էր իւրաքանչիւր շիշ… Շիշը միւս տոպրակին մէջ զետեղելէ ետք, հանգիստ սրտով կը շարունակէ քալել… Մանուկներուն ծարաւը յագեցնելու գերագոյն նպատակը աւելի՞ թանկարժէք էր քու կեանքէդ…

Բոլորս շէնքին մուտքին էինք արդէն. չափահասները թէեւ չէին արտօներ, որ բակ դուրս գանք ու կը թելադրէին շէնքին մուտքին մնանք, սակայն մանուկներս անհամբեր էինք, մայրս կու գար, հակառակ վտանգին, ապահով, ողջ ու առողջ կը վերադառնար, ռումբերը արդէն շատ աւելի մօտեցած էին ու սաստկացած:

Յիշողութեանս մէջ քանդակուած է պատկերդ, սիրելի՛ մայր, շիշերու ծանրութեան տակ կքած կը յառաջանայիր ու կը գոռայիր, որ դուրս չգանք շէնքէն, կը մօտենայիր, սակայն տակաւին հեռու էիր, կը սարսափէի, որ չկարենամ քեզ գրկել ու համբուրել, բազուկներուդ մէջ նետուելու եւ ապահով զգալու ժամը կ՛ուշանար, հակառակ անոր որ դիմացս էիր…

– Մամա՜, մեծ մամա՜…

Մահասփիւռ ռումբերու ողբերգական մեղեդիին կողքին մեր ցնծութեան կանչերը աւետիս կը տարածէին, ամէնէն աշխուժ եղանակները կը հիւսէին…

Ու հասար, տոպրակը դրիր գետին ու գրկեցիր մեզ, գրկեցիր ու լացինք բոլորս, աղի համբոյրներ կը խլէի քեզմէ, կը համբուրէի ամբողջ դէմքդ, կը շօշափէի քեզ` հաստատ գիտնալու, որ դուն կողքիս ես նորէն…

… Ու այդ պատկերը հետդ մնաց ամբողջ կեանքիդ, դուն միշտ մնացիր այն խիզախ կինը, որ գիտցաւ շրջանցել ամէն տեսակի խոչընդոտ ու դժուարութիւն, կարողութիւնն ու ուժը ունեցաւ իր զաւակներուն ձեռքերը սեղմած դուրս գալ դաժանէն ու երթալ դէպի հաւատք, դէպի յոյս ու լոյս: Սորվեցուցիր մեզի ըլլալ նման քեզի, չվհատիլ, չյուսալքուիլ, չընկրկիլ, այլ` պայքարիլ, պայքարիլ նուաճելու համար, պայքարիլ անվերջ ու մինչեւ ճշդուած նպատակին հասնիլը ու պայքարի ճամբուն վրայ վար չդնել որեւէ զէնք կամ սկզբունք, այլ նոյնիսկ եթէ զէնքերը խլուին մեզմէ, ետ դառնալ ու կրկին տիրանալ անոնց, ինչպէս դուն վերադարձար քեզի հետ տուն բերելու ինկած շիշ մը ջուրն անգամ, որ այդ օրուան քու առաքելութեանդ նպատակն էր:

Այդ օրուան դէպքը դրսեւորումներէն մէկն էր քու մայրական վեհութեանդ ու նուիրականութեանդ, խորհուրդն էր քու եւ մեծ մամիկին վճռակամութեան, պատգամ մըն էր` ըլլալու խիզախ, կեանքի փոթորիկներուն դէմ դնելու ու քալելու, թէկուզ դանդաղ, սակայն վճռական, թէկուզ մահուան թակարդներուն մէջէն, սակայն` վեհ ու հզօր…

Կը խոնարհիմ մայրական սրբազան վեհութեանդ ու նուիրականութեանդ դիմաց, խիզախ ոգիիդ ու կեանքի պայքարը շարունակելու վճռակամութեանդ դիմաց, քու աշակերտ զաւակներուդ յաջողութիւնը ապահովելու համար ի գործ դրած մեծ ջանքիդ դիմաց:

Բիւրեղ գուրգուրանքիդ ու անսահման սիրոյդ փոխարէն` ոչինչ կարելի է տալ քեզի, բացի քու օրինակովդ առաջնորդուելէ եւ քու կերպարիդ ընդմէջէն մայրութիւն տեսնելէ ու զայն անմահացնելէ:

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES