ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՏՕՆԴ, ՍԻՐԵԼԻ ՄԱՅՐԻԿ

Տակաւին գարուն է, եւ այդ զարթօնքին հետ կ՛ապրինք գեղեցիկ աւանդական տօն մը, որ մեր էութեան բխումն է, սկզբնաղբիւրը մեր ինքնութեան, արմատը մեր լինելութեան, մեր գոյութեան յարատեւումը` վերադառնալու այն կէտին, ուրկէ ծնունդ առած են ու սնունդ կը ստանան մեր սիրտի բաբախումը, հոգեկան գոհունակութիւնը, իղձերն ու երազներըՀրաժարիլ անոնցմէ` կը նշանակէ ոչնչութեան մատնուիլ, կորսնցնել ամէն բան, որ թանկարժէք յոյսի մը գաղտնիքն է, կը նշանակէ տկարանալ ու անէանալ

Եթէ հարցախոյզ մը կատարուի գտնելու համար գերակշիռ ուժը, անպայմանօրէն մեր դէմը պիտի պարզուի սիրոյ ու մաքրամաքուր զգացումներու, տիրութեան ու պերճանքի եւ այլ ապրումներու ծնունդ տուած արարած մը, որ մօր պատկերը կը ցոլացնէ մեր գիտակցութեան մէջ, մեր ներաշխարհին միաձուլելու բազմաթիւ յոյզեր, մեր ուրախութիւնն ու տխրութիւնը բաժնեկցելու անոր հետ, նաեւ` մտովի հաղորդակից դառնալու մղումով:

Մեր միտքի հորիզոնը, թերեւս աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել` զգացողութիւնը, կառուցուած է այնպիսի նրբութեամբ, որ գիտութիւնը գերազանցումի կ՛ենթարկուի, երբ մանուկը իր առաջին ճիչը կը դադրեցնէ` մօր գգուանքին ու օրօրանքին ջերմութիւնը զգալով իր վրայ: Աննկարագրելի պահ մըն է ոչ միայն մօր յիշողութեան մէջ, այլեւ` մանուկին համար, որ բոլորէն կը զատորոշէ իր մայրը. ինչպիսի՜ երջանկութիւն ու երանութիւն

Որեւէ պահու, որ խորհրդածութեան կամ աշխատանքի մղիչ ուժի ազդեցութեամբ կը գործէ մեր միտքը, վստահաբար առիթ կը ստեղծէ մօր պատկերի յայտնումին. հետեւեալ վիճակը գեղեցիկ առիթ մըն է, կարելի է ըսել` պատճառ մը, որ անհատներ տարբեր ձեւերով արտայայտեն չբացայայտուած սէրը մօր նկատմամբ, յաճախ` արուեստի զանազան ձեւերու մշակումով:

Իւրաքանչիւրիս յիշողութեան զարգացումով, ենթագիտակցութեան թէ աւելի խորը` թափանցելով մեր էութեան ծալքերուն, մեր մայրերը անպայմանօրէն իրենց ազդեցութիւնն ու առաջնորդող դերը կատարած են ու կը կատարեն. բան մը, որ բնազդային շարժումով ծնունդ առած է, սակայն մարդկային տուեալներու որոշիչ դերակատարութեամբ` արժանիք մը դարձած

Բառարանային տուեալները նկատի առած` «մայր» արմատով կազմուած բառերը խօսուն են ու դիւրըմբռնելի, պատկերաւոր, ինչպէս` մեր մնացեալ բառերը, ներշնչող` մեր լեզուի ոսկեղնիկ գեղեցկութեամբ: Բառարանն անգամ յղացած է եօթանասունէ աւելի բառեր, որոնց արմատը կը սերի միեւնոյն ակունքէն` ՄԱՅՐ բառէն

Եօթանասուն բառ կամ աւելի, արուեստի հազարաւոր գործ ու հաղորդակցման մնայուն կապ, սակայն ժամանակը կը դառնայ դաժան, երբ հեռաւորութեան ալիքը իր գլուխը կը ցցէ եւ կ՛իրագործէ նենգ արարքը. ասով հանդերձ, ժամանակը պարտութեան կը մատնուի: Չկայ ուժ մը կամ դաւադիր իրագործում մը, որ անպատիժ մնայ կամ իր ետդարձի ճամբան չգտնէ մօր խրատներուն, աղօթքին ու գորովալիր վերաբերմունքին ընդառաջ

Այսօր պահն է խոնարհելու մայրութեան առաքինութեան ու բարձրութեան առաջ. այն պահը, երբ երախտագիտական զգացումներու տածած երանգներով կը շոյենք մայրական եսը. պահը` թափանցելու ու անկարելին կարելի դարձնելու բուռն փափաքը. ինչո՛ւ ոչ` հպարտութիւն, ապրելու ու գուրգուրալու մեր անձին, դժուարին վիճակներուն կանչելու անոր օգնութիւնը, համբուրելու անոր երկարած ձեռքը, անքուն հետեւող շունչը, հսկող ու առաջնորդող պատրաստակամութիւնը եւ տակաւին` շատ դարձուածքներ ու պատկերներ, որոնք լոզունգներ չեն համարուիր, այլ` մեր էջերն ու միտքը հարստացնող բարձրաձայն մտածում

Դժուարին, սակայն հաճելի առաքելութեան մէջ կը կայանայ մայրութիւնը. կանխահաս տարիքէն աղջկան մը խաղերուն մէջ իսկ կը յայտնուի մայր ըլլալու ցանկութիւնը, երբ պատանեկութենէն դէպի երիտասարդութիւն անցնողներուն մէջ փափաքը կը դառնայ առաւել ուժգնութեամբ սպասուած իրականութիւն

Կրկնութեան գնով կ՛արժէ անդրադառնալ մեզ զգաստութեան հրաւիրող անոր խստապահանջ նայուածքին ու խօսքին, երբեմն մեր կողմէ մերժուած, սակայն թաքնուած տենչանքին մէջ` դէպի յաջողութիւն առաջնորդող ու լաւագոյնին ձգտող մղում մը. ուժ մը, որ առանց անոր` դիւրաւ կրնանք յանձնուիլ որեւէ դժուարութեան առաջ, ինչո՛ւ ոչ` նահանջ կամ տեղքայլ արձանագրել մեր առօրեային մէջ: Որեւէ ուշացում երջանկութեան կորուստ կը մատնէ, բայց մօր քաջալերանքով անկասկած մեր մէջ կը բեղմնաւորուին ու կը բազմանան աշխատանքի կորովը ու նպատակի իրագործումը:

Զուգահեռ մը գծելով անցեալին ու այսօրուան հայ մօր դերակատարութեան միջեւ` բոլոր ժամանակներուն ալ յստակօրէն կը պարզուի արթնութեան ու աշխուժ գործունէութեան անոր ներդրումը` իր ընտանիքին ու ժողովուրդին համար: Տան մէջ իր ընտանիքի հոգատարութեան անտրտունջ պատասխանատուութեան կողքին, հայ մայրը աչալուրջ կերպով կը հետեւի իր զաւակներու դաստիարակութեան` արժէքներու նկատմամբ գուրգուրանքի ու պահպանումի գիտակցութիւնը, ընդմիշտ զարգանալու ու մեղուաջան աշխատանքի արդիւնքի՛ն միայն հաւատալու արդար դատումին:

Առողջ սերունդի կազմաւորման պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ գլխաւորաբար մօր դերակատարութեան վրայ, որ առաջնորդի իր դերին մէջ երբեմն միջամտելով ու երբեմն ալ լռելեայն ուղղութիւն կու տայ հասունութեան ճամբան բռնած իր սիրելի զաւակներուն: Սերտել հանգրուանն ու մարտահրաւէրները, որոնք ժամանակի փոփոխութեան հետ կը փոխուին:

Անցեալին, երբ թշնամիին կողմէ թալանի, ջարդի ու բռնութեան տառապանքին ենթակայ էր հայ ժողովուրդը, պատմութեան իսկ վկայութեամբ, հայ կինը, այր մարդուն կողքին, կը մասնակցի ինքնապաշտպանական գործունէութեանց, կը ստանձնէ հայ որբերու խնամատարութիւնը, կը դառնայ ուսուցիչ, գրագէտ, դաստիարակ եւ կը սգայ նահատակութիւնը իր ժողովուրդի զաւակներուն: Պատմութեան ու գրականութեան էջերուն մէջ մօր պատկերը մարմնաւորող անձերը ընդհանրապէս կը յուշեն հասարակ յայտարար մը` մեր ինքնութեան ճանապարհը դէպի յաւերժութիւն տանող ամրակուռ կամքը: Առաւել իմաստաւորելու համար նշեալ մտածումը` կարելի է մտաբերել հայ մօր ձեռքով անապատի աւազներուն վրայ «փորագրուած» այբուբենը

Սերունդներու փոփոխութեան հետ ու տարբեր հոսանքներու ժամանումով, հայ մայրը` հաւատարիմ իր սովորութիւններուն ու աւանդութիւններուն, կարելին կ՛ընէ օտար երդիքներու տակ իր հայկականութիւնը պահելու, գոյատեւելու ու շարունակել ստեղծագործելու:

Այնքան ատեն որ թշնամին չէ ճանչցած մեր ճակատագիրին նկատմամբ իր գործած անմարդկային ոճիրը ու տակաւին չէ կատարած իր պարտքը, ցեղասպան թուրքը կը շարունակէ բնաջնջել մեր մշակութային կոթողները, արժեզրկել այն, ինչ որ մերն է ու կը փորձէ ոչնչացնել հայադրոշմ մեր կնիքը: Հայ մայրը անսալով իր խիղճին, նահատակներու արեան կանչին, լայնախոհ ու հաւասարակշռուած իր կոչումին, ի գին ամէն զոհողութեան, ջանք կը թափէ իր զաւակներու դաստիարակութեան ճամբով ամրապնդելու Հայ դատի պայքարը:

Մէկ կողմէ օտարամոլութիւնը, միւս կողմէ` թշնամիին վարած քաղաքականութիւնը լուրջ մտահոգութիւններու կրնան մատնել սփիւռքը. իսկ ձեռնածալ մնալը կ՛ապահովէ թշնամիին յաղթանակը: Առ այդ, զարթօնքի ու վերաշխուժացման մաքառումով կը վերակենդանանայ մեր ազգային կեանքը, գիտելիքներու նուաճումներով կը բիւրեղանայ մեր հորիզոնը, տքնաջան աշխատանքով կը պայծառանայ մեր միտքը, եւ ո՛չ ոք մեզի պիտի յուշէ ժամանակը. մե՛նք պիտի ստեղծենք զայն, այսօր` վաղուընէ առաջ

Մենք իբրեւ խաղաղասէր ու աշխատասէր ժողովուրդ ճանչցուած ենք աշխարհի մէջ. մեր դարաւոր անցեալը արձանագրուած է մատեաններու մէջ, որոնց ամփոփումը կը դասաւանդենք մեր զաւակներուն, որպէսզի անոնք քաջածանօթ ըլլան իրենց արմատներուն:

Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր ընելիքը յաջորդող սերունդներուն համար, որպէսզի պատմութիւնն ալ ինքզինք արդարացնէ գալիքի հաշուոյն: Մեր քայլերը պէտք է ուսումնասիրուած ըլլան, մե՛նք ալ ըլլանք օրինակը գալիքներուն: Ոչ միայն նիւթեղէն կառոյցներ բարձրացնենք, այլեւ իւրաքանչիւրիս սիրտին մէջ կանգնեցնենք հերոսի պատուանդան. ուխտենք, որ փշոտ ճանապարհները կրնանք վերածել հարթ տարածութեանց, կամրջենք սփիւռքի զանազան աշխարհները` իբրեւ մէկ օղակ, իբրեւ մէկ ամբողջութիւն ու կործանենք թշնամին` աքիլլէսեան իր կրունկէն հարուածելով

Մայիս ամիսը խորհրդանշական իմաստ ունի հայերուս համար. ան կը զուգադիպի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացման ու Շուշիի ազատագրման տարեդարձներուն: Տարբեր ժամանակներու ու պայմաններու տակ նշեալ սխրագործումները կը կազմեն մեր պատմութեան կարեւոր հանգրուաններէն բաժին մը` անաղարտ պահել մեր մայր հողը ու կեանքի գնով պաշտպանել հարստահարիչներու կեղեքումներէն. մօր մը պէս, որ իր ձեռքերը լայն բացած` կը պարուրէ աշխարհի տարբեր երկինքներու տակ ապաստանած իր զաւակները

Իւրաքանչիւր մայր աստուածատուր կոչումին հեղինակն է` «մայրութեան» յատկանիշով պարգեւատրուած, անքակտելի զօրութեամբ համակուած ու այդ հուրով ճառագայթող, բերկրութեան ու անմահութեան սնունդով յառաջացող:

Այսօր, քսանմէկերորդ դարու մարտահրաւէրներուն ընդառաջ, կանգնած ենք` մեր հայեացքը բարձր ուղղած. ոչ թէ գոռոզութեան կամ ինքնահաւանութեան ցուցական երեւոյթներու խաբկանքով, այլ` խոնարհութեան ու անսակարկ նուիրումի, պայքարունակ ոգիի անհատականութեամբ, գիտութեամբ ու հնարամտութեամբ զինուելու, լաւագոյնին ու արժանիին ձգտելու անյետաձգելի պարտաւորութեամբ. խօսքով ու գործով փաստելու մեր վրայ դրուած յոյսի ջանքերը, մէկզմէկու ձեռք երկարող անհրաժեշտ հրամայականով, որովհետեւ արդար է այն խօսքը, որ կը յուշէ հաւաքական ուժի զօրութիւնը:

Թերեւս կարգ մը կէտերու անդրադարձումով թերի կը մնայ նորօրեայ զարգացումներուն ամբողջական պատկերի կազմութիւնը. կարելի է երկար խօսիլ եւ ամէն մէկը ընդարձակել ու քննարկել: Իմ նպատակս սակայն կ՛երթայ աւելի անդին, ուր ապրող մանուկին միջավայրը վտանգուած է տարբեր հոսանքներու պատճառով, ձուլման ահազանգը այլեւս մօտէն կը հնչէ ու` բարձրաձայն: Երէկ եթէ տասնհինգ առ հարիւր էր համեմատութիւնը, այսօր կրկնապատկուած թուային աճ մը արձանագրուած է մեր իրականութեան մէջ. բան մը, որ խիստ մտահոգիչ երեւոյթի կրնայ վերածուիլ մեր կողմէ որեւէ թերացումի պարագային: Այնուամենայնիւ, պէտք է զարկ տալ ամուր հիմերու վրայ բարձրացնելու մանկական աշխարհի կառուցումը, անվարան կերպով փոխանցել մեր աւանդութիւններն ու սովորութիւնները, մայրենի լեզուին ջատագովը դարձնել, սրբութեան պէս պահպանել ու գուրգուրալ մեր արժէքներուն, հետեւիլ ներքին ձայնին ու քաջալերել ի յայտ եկած տաղանդը, ստեղծագործութեան ճամբով նորութիւն մը բերել, բան մը աւելցնել անցեալին վրայ, չափանիշներու կառչիլ ու միշտ աւելի բարձրին ձգտիլ

Վերջապէս, պէտք է ըսել շնորհաւո՛ր տօնդ, սիրելի՛ մայրիկ. տօն մը, որ բոլորիս վերաբերող երջանկութիւն է, կեանքի իմաստ, երեւակայութեան թռիչք ու ժպիտը` վաղուան արշալոյսին

ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆԹԱՇՃԵԱՆ

14 Մայիս 2011
Այնճար

Share this Article
CATEGORIES