ՄԻՆՉ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ ԿԸ ՅԱՄԵՆԱՅ. ՖԻՆԻՒԼ-Ի ՈՒԺԵՐԸ ԱԿԱՆԱՀԱՐՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ
Ուժգին պայթում մը երէկ յետմիջօրէին ցնցեց հարաւային Լիբանանը` Սայտայի մուտքին Աուալի գետին մօտ թիրախ դարձնելով հարաւի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն շրջուն ջոկատներէն մէկը:
Մինչ ՖԻՆԻՒԼ-ի պատասխանատուները մերժեցին յստակ տեղեկութիւններ տալ` պայթումին թիրախ դարձուցած փոխադրակառքին եւ վիրաւորուած զինուորներուն ազգութեան մասին, անպաշտօն աղբիւրներ յայտնեցին, որ պայթումը պատճառած է 1 զոհ եւ 5 վիրաւոր` իտալական ջոկատի զինուորներուն շարքերուն մէջ` աւելցնելով, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի փոխադրակառքին դէմ պայթումը պատահած է 10 քիլոկրամ Թի.Էն.Թի. պայթուցիկ նիւթ պարունակող ականով մը, որ հեռուէն պայթեցուած է:
Աւելի ուշ, Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարը հերքեց իտալացի զինուորի մը սպանութեան լուրը:
ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու անձնական ներկայացուցիչ Միլոշ Շթրոկըր աւելի ուշ յայտնեց, որ պայթումին պատճառով արձանագրուած են 6 վիրաւորներ, որոնց շարքին կան նաեւ քաղաքացիներ. ան նկատել տուաւ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի զինուորներէն մէկը ծանրօրէն վիրաւորուած է` աւելցնելով սակայն, որ զայն բուժելու յոյսերը մեծ են:
Շթրոկըր հաստատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ միշտ իր նախազգուշութիւնները կ՛առնէ` աւելցնելով, որ այդ պայթումին շուրջ հետաքննութիւն բացուած է:
Ան ընդգծեց, որ պայթումը քաղաքական պատգամ չի փոխանցեր. «ինչ որ պատահեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ը եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին թիւ 1701 բանաձեւը թիրախ կը դարձնէ», ըսաւ ան:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն խստիւ դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ը թիրախ դարձուցած պայթումը` շեշտելով, որ ՖԻՆԻՒԼ պիտի գործակցի Լիբանանի իշխանութիւններուն հետ` բացայայտելու համար պայթումին դրդապատճառները:
Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, գործավար վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի դատապարտեցին ՖԻՆԻՒԼ-ը թիրախ դարձուցած այս ոճրային արարքը` զայն նկատելով Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը խախտող հարուած: