Սրտի Խօսք. Թանկագին Ընկերուհիիս, Քրոջս, Սիրելի Մարի Չպլագեան-Աշճեանին

ԳՈՀԱՐ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

«Կեանքի նաւակը հետք չթողուց իր ետին,
Մոռացումը առաւ ինձմէ ամէն բան.
Հին երազներս ամպերու պէս կ՛անհետին,
Յիշատակն ալ կ՛անցնի երգի մը նման»:

«Կեանքէն քեզի ի՞նչ մնաց, ի՞նչ մնաց.
Ինչ որ տուիր ուրիշին, միայն  ան մնաց»:

Որո՞ւ խօսիմ, ի՞նչ խօսիմ, ինչո՞ւ խօսիմ: Ամէն ինչ վերջացաւ. չկայ Մարին. այդ էջը փակուեցաւ, մոմի պէս հալեցաւ, եկաւ ու գնաց: Լաւ օրերը գացին, յիշատակները մնացին:

Հիմա միայն պիտի փորձեմ անձնական խոհերս բարձրաձայն արտայայտել իմ հոյակապ ընկերուհիիս բազմավաստակ կրթական մշակ Մարի Չպլաքեան-Աշճեանին մասին:

Մարի, շատ պիտի փափաքէի վերջին վայրկեաններուդ քովդ ըլլալ, օգնել քեզի, մտերիմ զրոյցներ ունենալ, ինչպէս անցեալին: Բայց աւա՜ղ, այդ առիթը չունեցայ. շատ հեռու էի քեզմէ. շա՜տ-շա՛տ հեռու:

Ուրեմն հիմա կ՛ուզեմ գրել քու մասիդ, խօսիլ, պատմել, որպէսզի ամէն մարդ իմանայ, թէ ով էիր դուն, ուրկէ եկար եւ ինչ ըրիր քու շատ կարճ կեանքիդ ընթացքին: Այո՛, շատ անշուք, խոնարհ ապրեցար, եւ 41 տարիներ սերունդներ կրթեցիր, ինչ որ սրտիդ, հոգւոյդ մէջ ունէիր, սիրով տուիր եւ բարի  վաստակ ձգեցիր ետիդ:

Մարին, մօտիկ ընկերուհիս, պաշտօնակցուհիս, եւ ինչու չէ` քոյրս էր. իմ ընտանիքիս, ծնողքիս, քոյրերուս, եղբայրներուս եւ անոնց զաւակներուն հարազատ սիրելին էր, բոլոր զարմիկներուս ու զարմուհիներուս Կոկկօ Մարին էր:

Ուրկէ՞ սկսիմ եւ ո՞ւր վերջացնեմ: Յիսունմէկ երկար տարիներու թանկագին յիշատակներ զիրար կը յաջորդեն` ուրախ, տխուր, թանկագին:

Մարիին կեանքը մշտակայ կապոյտ երկինք մը չէ եղած. սեւ ամպերը անպակաս եղած են իր կեանքի էջերէն: Բայց ինք մի՛շտ ժպիտով եւ իմաստութեամբ դիմագրաւած է բոլոր դառնութիւնները եւ երախտագիտութեամբ դիմաւորած է ուրախ պահերը:

Մարին Հալէպէն Պէյրութ փոխադրուած էր 1962-ին եւ` Ազգային Թորգոմեան վարժարանի մանկապարտէզի Կոկոն դասարանի ուսուցչուհի ընդունուած: Վերամուտի առաջին օրը դպրոցի տնօրէն Խորէն Մղտեսեանը զինք ծանօթացուց մեզի: Մարին շատ տխուր թուեցաւ ինծի. տխուր էր, որովհետեւ բաժնուած էր իր շատ սիրած ծննդավայրէն` Հալէպէն, ընկերուհիներէն, պաշտօնակցուհիներէն եւ Հայկազեան վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Տասնապետեանէն:

Անծանօթ էինք իրարու: Հազիւ ծանօթացանք ու անցանք: Եւ ինք շատ յուզուած մնաց:

Քանի մը օր ետք, որպէս վարիչ մանկապարտիզպանուհի, մօտեցայ իրեն եւ ուզեցի իր մասին լսել: Շատ ուրախացաւ, որ իրմով հետաքրքրուեցայ: Սկսաւ պատմել, թէ հայրը կորսնցուցած էր, երբ չորս տարեկան էր. քոյր մը եւ եղբայր մը ունէր` Անեթ ու Հմայեակ, եւ` շատ բարի, խելացի ու հաւատացեալ մայր մը: Երբ Մարիին մայրը իր ամուսինը կորսնցուցած է, առանց անճրկելու, առանց ոեւէ մէկէ գութ կամ օգնութիւն մուրալու, իր շնորհալի ձեռքերուն, տաղանդին շնորհիւ աշխատած եւ իր զաւակները մեծցուցած է` ստեղծելով բարեկեցիկ կեանք մը: Զաւակները Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանը ղրկած է եւ անոնց ուսումը ապահոված` մինչեւ միջնակարգ: Ապա երեք զաւակներն ալ սկսած են աշխատիլ: Անեթն ու Մարին որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած են տեղւոյն Հայկազեան վարժարանի մանկապարտէզին մէջ: Եօթը տարի պաշտօնավարելէ ետք, անոնք 1962-ին Լիբանան փոխադրուած են. Մարին, չեմ գիտեր` որո՛ւ միջոցով, Թորգոմեան վարժարան ընդունուելու բախտը ունեցած է, իսկ Անեթը ընդունուած է Կիլիկեան թաղի Ազգային Կիլիկեան վարժարանը:

Ուրեմն, մինչ Մարին այդ վերամուտի օրերուն ինծի կ պատմէր իր կեանքը, արդէն ծայր կ՛առնէր մեր սիրալիր բարեկամութիւնը:

Ես ու Արշակուհի Տէր Խաչատուրեանը, ինչպէս նաեւ` ամբողջ ուսուցչական կազմը, ընդունեցինք Մարին որպէս Թորգոմեան վարժարնի մեծ ընտանիքի անդամ մը:

Ոգեւորուած` մեր ցուցաբերած մտերմութեամբ, Մարին սկսաւ ինքզինք դրսեւորել: Շուտով իր գրաւիչ խօսելակերպով եւ ճկուն նկարագրով իրեն խնամքին յանձնուած աշակերտներուն սիրտը գրաւեց, իր ժպտուն դէմքն ու փայլուն աչքերը սկսան փայլատակել: Միայն ուրախ էր. հետզհետէ մոռցաւ Հալէպէն բաժնուելու ցաւը եւ մեզմով երջանիկ էր:

Մարին ձեռային աշխատանքի բացառիկ ձիրք ունէր: Աւելի՛ն. խամաճիկներով շատ գեղեցիկ թատրոն կը ներկայացնէր: Իր մտայղացած ներկայացումներուն համար խամաճիկներու տնակի մը կարիքը ունեցանք. դիմեցինք մեր դպրոցի թաղականի ատաղձագործ Գառնիկ Յովսէփեանին, որ շուտով հոյակապ տնակ մը շինեց: Ապա զարդարեցինք այդ չքնաղ տնակը վարագոյրներով ու տեսակաւոր իրերով, եւ ահա սկսանք խամաճիկի ներկայացումները մեր աշակերտներուն համար: Շաբաթ օրերու վերջին դասապահը նուիրուած էր այս նպատակին. անչա՛փ հաճելի էին ներկայացումները, որոնց վրայ կը խենթենային պզտիկները: Ներկայ կ՛ըլլար պրն. Խորէնն իսկ, որ այդ պահերուն կը հրճուէր մանուկներու նման:

Մարին մանուկներուն հոգեբանութիւնը շատ լաւ կը հասկնար. երգելով, խաղալով եւ ուրախութեամբ կը սորվեցնէր: Աւելի՛ն. ամէն տարի դպրոցական տարեվերջի հանդէսին համար Մարիին հետ բեմը կը զարդարէինք ըստ մեր մտայղացած զանազան թեմաներուն` ծաղիկներով, ջրաներկով պատրաստուած գոյնզգոյն խաւաքարտերով եւ տեսակաւոր այլ գեղեցիկ աշխատանքներով: Մեր գծագրութիւններով ու այլ աշխատանքներով յաճախ կը զարդարէինք նաեւ թաղային ակումբին սրահը, ուր տեղի կ՛ունենային դպրոցին, Կարմիր խաչին, կուսակցութեան եւ եկեղեցիին ձեռնարկները:

Մարին իր նախնական ուսումով չբաւարարուեցաւ: Նշան Փալանճեան ճեմարանի Լուսին Մալիքեանի մանկավարժական դասընթացքներուն հետեւեցաւ եւ յաջողութեամբ աւարտեց այդ երկամեայ ծրագիրը: Իր ուսուցչական պարտականութիւնները լիուլի կը կատարէր` առանց որեւէ թերացումի. երբեք իր անձնական խնդիրները իր պարտականութիւնները չէին խանգարեր. ան, երբ դպրոցի դռնէն ներս մտնէր, իր ետին կը ձգէր բոլոր արտադպրոցական հարցերը. «Տանջուէ մինակ, մէջդ պահէ յար` արհաւիրքն հզօր բոլոր ցաւերուդ, եւ մուրացիկի պէս, խոնարհաբար, մի՛ խնդրեր երբեք անցորդներէն գութ». ահա այս փիլիսոփայութեամբ կ՛առաջնորդուէր ան:

Մարիին կեանքը բազմաթիւ ելեւէջներ ունեցաւ: Քոյրը ամուսնացաւ եւ երկու դուստր ունեցաւ. եղբայրը ամուսնացաւ եւ երեք մանչ ունեցաւ: Մարին իր ամբողջ սէրն ու գուրգուրանքը անոնց վրայ կեդրոնացուց. մեծ դեր ունեցաւ իր քրոջ եւ եղբօր զաւակներուն դաստիարակութեան մէջ: Անոնց բոլոր հոգերը իր վրայ կ՛առնէր` նիւթապէս եւ ֆիզիքապէս: Դժբախտաբար, սակայն, իր բոլոր զոհողութիւնները ապերախտութեամբ փոխադարձուեցան:

Երբ, 1982-ին, Մարին ամուսնացաւ, խորհեցաւ, թէ վերջապէս ուրախ օրեր պիտի սկսէին իրեն համար: Բայց հոն ալ երջանիկ չեղաւ եւ շատ սուղ վճարեց իր մեծ սիրոյն համար: Արդարեւ, երկար չտեւեց երջանկութիւնը, քանի իր կեանքի ընկերը կորսնցուց սրտաճմլիկ արկածի մը պատճառով:

Ապա ընտանեկան մահերը յաջորդեցին զիրար: Մարին շունչ չկրցաւ առնել: Կորսնցուց մայրը, քոյրը եւ եղբայրը: Ի վերջոյ մինակ մնաց: «Այս ճակատագիրն ի՛նչ սեւ է, Աստուած, արդեօք դամբանի մրուրով՞ է գրուած»:

Տակաւին չեմ կրցած հասկնալ` ինչո՞ւ այսքան տառապանք մէկու մը, որ շատ բարի եւ հաւատացեալ հոգի ունէր: Աստուծոյ նուիրուած էր, տկարին կը գթար, կ՛օգնէր, աւելի յաճախ կ՛այցելէր հիւանդին ու սգաւորին, քան` հաճոյքի վայրերը: Ոչ մէկ իսկական վայելք, ոչ մէկ յարատեւ ուրախութիւն ունեցաւ: Այսուհանդերձ, ան երբեք չէր տրտնջար, չէր դժգոհեր, այլ տոկալու եւ դիմադրելու հիանալի կարողութիւն ունէր: Իրօք, ան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին օրինակելի համբերատարութիւն ցուցաբերեց, բան մը, որ մասնաւոր յիշատակութեան արժանի է:

Մարին 27 տարի պաշտօնավարեց Թորգոմեան վարժարանին մէջ, մինչեւ 1988, երբ մեր սիրելի դպրոցը իր դռները փակեց: Թէպէտ մենք` Ամերիկայի հայաշէնցիներս, նիւթապէս օգնեցինք, որպէսզի դպրոցը բաց մնայ, վերջին հաշուով, մեր ջանքերը ի դերեւ ելան, որովհետեւ արդէն թաղը գրեթէ պարպուած էր իր հայ բնակչութենէն եւ աշակերտ չէր մնացած:

Թորգոմեան վարժարանի փակումէն ետք պրն. Խորէնը իր պաշտօնակիցները շրջակայ թաղերու դպրոցները տեղաւորեց: Այսպէս, Մարին ալ, Նոր Սիս թաղի Աքսոր Գասարճեան վարժարանը ընդունուեցաւ եւ հոն որպէս մանկապարտիզպանուհի պաշտօնավարեց:

Եօթը տարի ետք, սակայն, երբ պաշտօնավարութիւնը վերջացաւ, Մարիին համար չափազանց դժուար վիճակ մը ստեղծուեցաւ եւ յաջորդող տարիները տաժանելի եղան: Ահաւոր էր: Ո՛չ մէկ եկամուտ, ո՛չ մէկ օգնութիւն: Միայն լաւ դրացուհիներ եւ սիրելի ընկերուհիները եղան Մարիին մխիթարութիւնը: Բայց ինք միշտ «Աստուած ինծի կ՛օգնէ» կ՛ըսէր, եւ իրապէս ոչ մէկ օր որեւէ բանի կարօտ չեղաւ: Հիւանդութիւններն ու ցաւերը սկսած էին զինք տառապեցնել, սակայն բարի սամարացիները չձգեցին, որ ինք ընկրկի: Բոլոր զինք ճանչցողները խորապէս կը գնահատէին իր բարի սիրտը, իր երախտագէտ եւ շնորհակալ հոգին: Աստուած զինք վարձահատոյց ըրաւ:

Մեր բարեկամութիւնը 51 տարի տեւեց: Թէեւ ֆիզիքապէս բաժնուեցանք, երբ ես Ամերիկա հաստատուեցայ 1975-ին, սակայն մեր հոգեկան կապերը միշտ նոյնը մնացին, նոյնքան հարազատութեամբ: Իրօք, ո՛չ Մարիէն, ո՛չ Արշակուհիէն եւ ո՛չ ալ մնացեալ հայաշէնցիներէն կապս կտրեցի: Միշտ հաւատարիմ մնացինք մեր ընկերութեան:

Մարին շիջեցաւ յունիս 2, 2013-ին:

Գոյժը բոլորովին անակնկալ, ցնցիչ եւ յուզիչ էր: Ինք նամակ չէր գրեր ինծի, բայց միշտ հեռաձայնով կը խօսէինք: «Ոտքերս շատ կը ցաւին, թոփալ Մարի եղայ», կ՛ըսէր: «Մազերս կը թափին, քել Մարի եղայ», կ՛ըսէր: Կատակի կու տար, այդ ցաւերուն մէջ ինքզինք կը մխիթարէր: «Փառք Աստուծոյ,- կ՛ըսէր,- «առանց մազի կրնամ ապրիլ, ոտքերս շատ կը ցաւին, բայց տակաւին կրնամ քալել, դեռ ոտքի եմ», Անվերջ փառք տալով կ՛ապրէր:

Չէի կրնար երեւակայել, որ այսքան շուտ պիտի սպառէր: Տակաւին քանի մը շաբաթ առաջ խօսեցանք. Մայրերու օրը շնորհաւորեց եւ պէս-պէս մաղթանքներ յայտնեց ինծի:

Ալ յոգնեցայ. չեմ կրնար աւելի գրել: Յուզումս կ՛անհանգստացնէ զիս:

Մարի, կը խոնարհիմ խնկելի յիշատակիդ առջեւ: Շատ կը ցաւիմ, որ զիս տեղեակ չպահեցիր վերջին ցաւերուդ մասին. վախցար, որ շատ կը նեղուիմ, եւ խնայեցիր զիս:

Երբ ես Ամերիկա եկայ, դուն մօրս մօտ այցելութեան կ՛երթայիր: Հիմա ես որո՞ւ հետ պիտի բաժնեմ քու յիշատակդ:

Ամէնքս հոս, քոյրս` Պերճուհին, ամուսինն ու զաւակները, Փերուզ քրոջս զաւակները, եղբայրներս եւ Սեմը խոր սուգի մատնուած ենք, եւ կը խոստանամ, որ քեզ երբեք պիտի չմոռնանք:

Մահուանդ քառասունքին առթիւ այս գրութիւնը կը ձօնեմ իբրեւ խունկ ու աղօթք:

«Բարի պատերազմը պատերազմեցայ.
Ընթացքս աւարտեցի, հաւատքս պահեցի:
Ու հիմա ինծի կը մնայ արդարութեան պսակը»:

ՔՈՅՐԴ` ԳՈՀԱՐ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Յունիս 11, 2013

Share this Article
CATEGORIES