Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Քաթարի Իշխանը
Վսեմաշուք
Շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի
Իշխան Քաթարի
Կը շնորհաւորենք Ձերդ վսեմութեան ընտրութիւնը` իբրեւ Քաթարի իշխան: Ձեզի կը մաղթենք ամբողջական յաջողութիւն` երկրի բարգաւաճման ու յառաջդիմութեան ի խնդիր Ձեր յառաջիկայ գործունէութեան մէջ. աշխատանք մը, որ ընթացք առաւ Ձեր վսեմաշուք հօր` շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանիի օրով, եւ վստահաբար պիտի շարունակուի շնորհիւ Ձեր ճիգերուն ու ձեռք ձգած լայն փորձառութեան:
Այս բարեբաստիկ առիթով կը ձայնակցինք Քաթարի մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն եւ Ձեզի կը մաղթենք քաջառողջութիւն ու ամբողջական յաջողութիւն` Աստուծոյ օրհնութեան ներքեւ:
Ինչպէս ծանօթ է Ձերդ վսեմութեան, Քաթարի մէջ հաստատուած են բաւական մեծ թիւով հայեր, որոնք ամենայն սիրով, հպարտութեամբ ու հաւատարմութեամբ իրենց նպաստը կը բերեն Քաթարի առաւել ծաղկման ու բարգաւաճման ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն:
Անգամ մը եւս հաճեցէք ընդունիլ Մեր շնորհաւորութիւններն ու լաւագոյն մաղթանքները: Թող Աստուծոյ հովանին անպակաս ըլլայ Ձեր վրայէն:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
27 յունիս, 2013
Անթիլիաս, Լիբանան

