Նահատակութիւնը Յաղթանակ Է. «Հողը Արիւնով Են Փրկում, Իմացէ՛ք»

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Հայրենիքի ազատագրութեան սուղ գին վճարած, հողը իրենց արիւնով փրկած մեր նահատակները կտակած են մեզի այս պատգամը:

Լիբանանը ցնցող դաւադրութիւնները զուր անցան, որովհետեւ Լիբանանի քաջարի բանակը գիտցաւ «մահ իմացեալին» իմաստը, որով կարելի եղաւ փրկել Լիբանան հայրենիքին եւ լիբանանցի ժողովուրդին փառքն ու արժանապատուութիւնը:

Լիբանան վերջին 40 տարիներուն ընթացքին դարձած էր կռուախնձոր: Դրացի բարեկամ թէ չարակամ երկիրներ խանգարեցին խաղաղ եւ եղբայրական միասնական տրամադրութեամբ ապրող տարբեր համայնքներու կեանքը, ապրելու, գոյատեւելու իրաւունքը:

1975-1990 տեւած քաղաքացիական պատերազմէն հազիւ փրկուած, տեղի ունեցան խլրդային ախորժակներ արտայայտող յանդգնութիւններ, ստեղծուեցան միշտ կողմնակալ, աթոռապաշտ, կամ համայնքային իրաւունքներ արծարծող խմբաւորումներ, ոմանք խօսքով, հրապարակային անհարկի սադրանքներ սերմանելով: Միւս կողմէ, չէին մարած դրացի իսրայէլեան նկրտումները Լիբանանին տիրանալու: Այս ոչ բնական մթնոլորտին մէջ կը զարգանային մեծապետական տէրութիւններու ջաղացքին ջուր տանելու տրամադիր դրամապաշտ ղեկավարներ, որոնք կաշառակերութեամբ փորձեցին հրահրել քրիստոնեայ-մահմետական, սիւննի-շիի մրցակցութիւններ` քաղաքական թէ կուսակցական միտումներով զրահուած: Ամէնքն ալ հայրենիքը կը սիրէին, բոլորն ալ հայրենասիրութիւն կը քարոզէին, բոլորն ալ «Քուլլունէ լիլ վաթան» կ՛երգէին, բայց ՎԱԹԱՆԸ կը ծախէին աստղաբաշխական գումարներու փոխարէն:

Վերջին տասնամեակին մեր ուրուագծած կացութիւնը հետզհետէ զարգացաւ: Իսրայէլի ոտնձգութիւնները արգելակող «Հըզպալլա» կուսակցութեան զինեալ կեցուածքը անհաճոյ թուեցաւ այլ կողմերու: Լսուեցան անունները նորակազմ կուսակցութիւններու: Սուրիոյ պատերազմական դրութիւնը քաջալերեց Սուրիոյ վարչութեան ընդդիմացող կողմերը, որոնք ընդհանրապէս «ծաղկեցան» լիբանանեան հողին վրայ` հիւսիսէն հարաւ:

Այս խառնաշփոթ վիճակը ազդեց Լիբանանի տնտեսական վիճակին վատթարացման: Թրիփոլի եղաւ կռիւներու թատերաբեմ` Սուրիոյ իշխանութեան կողմնակիցներու եւ ընդդիմացողներու միջեւ: Քանի որ կռիւները չեն աւարտիր առանց զոհերու, մեծ մասամբ եղաւ անմեղներու նահատակութիւն, քաղաքական կացութիւնը մնաց խառնակ, վտանգուած:

Ո՞վ պիտի փրկէր Լիբանան հայրենիքը, եթէ ոչ բանակը: Անցնող քանի մը տարիներուն ընթացքին լսուեցաւ անունը նոր ղեկավարի մը` Ահմետ Ասիր, որ իր շուրջ համախմբելով նկատառելի թիւով համախոհներ, սկսաւ խծբծել, անարգել լիբանանեան բանակը: Լռութեամբ դիմաւորուեցան այս մեղադրանքները` առաջքը առնելու համար զուր խռովութիւններու:

Լիբանան տակաւին չէ ապաքինած երկրին մէջ համայնքային խլրտումներ ստեղծած խանգարողներու հարուածներէն: Բանակը կը հսկէ, որպէսզի «պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու ելած» անուղղայ անձերու դաւադրութիւնները չէզոքացնէ: Այդ հարուածը իջեցնելու ստիպուեցաւ Լիբանանի բանակը` հրամանատարութեամբ սպարապետ Ժան Քահուաժիի: Վճռական դեր ունեցան բանակայինները, սպաներն ու զինուորները: Երկիրը անիշխանականներէն փրկելու, «մահ կամ ազատութիւն» փրկութեան կարգախօսը ի զօրու դարձաւ: Նահատակուելու գնով ծառացան հայրենիքի պաշտպանները:

Ինչո՞ւ այս երկփեղկումը հայրենասիրութեան ճանապարհին: Ինչո՞ւ անմեղներ պիտի զոհուէին անձնական փառքը հաստատելու համար: Եթէ դատաստան մը պէտք է ըլլայ, ժողովուրդին իրաւունքն է այդ եւ ոչ վնասաբեր կամակատարներու: Լիբանանի ժողովուրդը կը պաշտէ իր բանակը, որ պարիսպն ու ամրոցն է հայրենիքին: Ամրոցները փուլ չեն գար քմահաճոյքներով, ո՛չ ալ սեփական եսը պանծացնելու ունայնամտութեամբ:

Սայտայի զինեալ բախումները տեւեցին 24 ժամ: Կարճատեւ այս ժամանակամիջոցը եղաւ աղէտալի սուրբգրային այս քաղաքին համար: Պատմական Սիդոն քաղաքն է սա, ուր Աստուածամայրը սպասած էր իր որդին, ուր մինչեւ այսօր կայ յիշատակը այս մայր ու որդի հանդիպման վայրին, Սայիտաթ Մանթարայի, որ ուխտատեղիի սրբութիւնը ունի: Պէտք չէ մոռնալ այս ամէնը: Պատմութիւնը յաւերժական յիշողութիւն պէտք է մնայ ամէնուն բանականութեան մէջ:

Լիբանանի բանակը իր զօրավարով եւ սպաներով յիշեցուց այս անմոռանալին` թէկուզ քաջարի բանակայիններու նահատակութեամբ:

Լիբանանի մէջ տեղ չկայ դաւադիրներու, Փիւնիկէի հզօր պատմութիւնը մոռացողներու:

 

 

Share this Article
CATEGORIES