Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Որդեգրեց Ներգաղթեալներու Մասին Օրինագիծը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը որդեգրեց դեմոկրատականներու եւ հանրապետականներու համար ներքաղաքական կարեւոր առաջնահերթութիւն նկատուող ներգաղթի բարեփոխումներու մասին օրինագիծը:

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ ասիկա 1980-ական թուականներէն ի վեր ներգաղթի վերաբերող օրէնսդրութեան մեծագոյն վերանայումն է:

Այժմ օրինագիծը պիտի ուղարկուի Ներկայացուցիչներու տուն,  հակառակ անոր որ Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Ճոն Պոյնըր արդէն յայտարարած է, որ պիտի փորձէ բարեփոխումներու սեփական տարբերակ մը մշակել:

Ծերակոյտի հաւանութեան արժանացած օրինագիծը թոյլ կու տայ 11 միլիոն ապօրինի ներգաղթեալներու 13 տարուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիութիւն ստանալ, եթէ այդ ընթացքին անոնք վճարեն տուգանքներն ու տուրքերը եւ չխախտեն երկրին օրէնքները:

Միաժամանակ, օրինագիծը կ՛ենթադրէ 46 միլիառ տոլարի յատկացում սահմաններու պաշտպանութեան, սահմանային հսկողութեան համակարգին եւ աշխատատեղիի ելեկտրոնային ստուգման համար:

Օրինագիծը վաւերացուած է 68 թեր եւ 32 դէմ քուէներով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES