Քրտական Աղբիւրներ «Հայաթ»-ի Կը Յայտնեն. «Սուրիական Ազգային Համաձայնական Մարմինէն Պահանջեցինք Մեր Իրաւունքները Ճանչնալ»

Քրտական աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Քրտական ազգային խորհուրդի ազգային եւ արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը Պոլսոյ մէջ հանդիպում ունեցած է սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի ընդհանուր քարտուղար Մուսթաֆա Սապպաղի, փոխանցման կառավարութեան վարչապետ Ղասսան Հիթոյի եւ համաձայնական մարմինի նախագահ Ժորժ Սապրայի հետ:

Աղբիւրները յայտնեցին, որ «Ազգային համաձայնական մարմինի ղեկավարները տեղեակ պահեցինք, որ քիւրտերուն անունով երկխօսութիւն կատարելու լիազօրութեան տէր կողմը յանձնախումբն է»` նշելով, որ «ընդդիմադիր մարմինի ղեկավարները ողջունեցին յանձնախումբի անդամները եւ խոստացան համագործակցիլ, որպէսզի ընթացք առնէ քիւրտերուն համաձայնական մարմինին միանալուն շուրջ երկխօսութիւնը»:

Աղբիւրները նշեցին, որ «յանձնախումբի պատասխանատուները համաձայնական մարմինի անդամներէն պահանջեցին քիւրտերուն իրաւունքները ճանչնալ, սակայն վերջիններս ըսած են, որ իրենք կառավարութիւն չեն, որ այդ մէկը կատարեն, սակայն պատրաստ են համագործակցելու, ինչ որ երկու կողմերուն միջեւ երկխօսութեան շուրջ համաձայնութեան առաջնորդած է»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )