Իրանեան Մարտանաւեր Դէպի Աստրախանի Նաւահանգիստ Ուղղուած Են

«Փայքան» մարտանաւը

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի ծովուժի նաւերը, որոնք առաջին անգամ ըլլալով ոչ պաշտօնական այցելութեամբ Ռուսիա կը գտնուին, Վոլկա գետին ճամբով ուղղուած են դէպի Աստրախանի նաւահանգիստ:

Ռուսիոյ Հարաւային զինուորական շրջանի մամլոյ ծառայութիւնը լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ իրանեան ծովուժին պատկանող «Փայքան» եւ «Ջուշան» մարտանաւերուն համար Վոլկայի վրայ գտնուող կամուրջը բացուած է:

Իրանեան մարտանաւերուն կ՛ուղեկցի «Վոլկոտոնսք» հրետանային նաւը, որ հիւրերը դիմաւորած էր Կասպից ծովուն մէջ: Իրանցի նաւաստիները Աստրախանի մէջ պիտի մնան մինչեւ 1 յուլիս:

Այդ ընթացքին տեղի պիտի ունենան երկկողմանի շարք մը հանդիպումներ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )