Քերրիի Հետ Հանդիպումէն Ետք. Իսրայէլի Կառավարութիւնը Կը Բացառէ Պաղեստինցիներուն Հետ Մօտալուտ Հանդիպումի Մը Կայացումը
Իսրայէլի զբօսաշրջութեան նախարար Ուզի Լանտօ Երուսաղէմի մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք բացառեց պաղեստինցիներուն հետ մօտալուտ հանդիպումի մը կայացումը:
Ան «Իսրայէլեան բանակ» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ կը յուսայ, որ Քերրի իր առաքելութեան մէջ յաջողի, սակայն Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ հանդիպումին համար պայման դրաւ, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս ետդարձ կատարէ 1967-ի սահմանները բանակցութեան հիմք նկատելու, բնակեցման աշխատանքները դադրեցնելու եւ պաղեստինցի գերիները ազատ արձակելու իր պահանջներէն:
«Մեզմէ կը պահանջեն յանձնառու ըլլալ 1967-ի սահմաններուն եւ Արեւելեան Երուսաղէմը պաղեստինեան պետութեան մայրաքաղաք յայտարարել, եթէ բանակցութեանց չափանիշը այս է, ապա ինչո՞ւ բանակցութեան մէջ պիտի մտնենք: Ասոնք բանակցութեանց աւարտի չափանիշներ են», ըսաւ Լանտօ:
Ան վերահաստատեց իսրայէլեան այն պնդումները, թէ «պաղեստինեան կողմը մտադիր է բանակցութիւններու վերսկսման պարագային անոնցմէ հեռանալ բանակցութեանց սկիզբէն կարճ ատեն ետք եւ Իսրայէլը անոնց ձախողութեան պատասխանատու նկատել»:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Զայիֆ Իլքին յայտարարեց, որ Իսրայէլ պատրաստ է պաղեստինցիներուն հետ առանց նախապայմաններու բանակցելու, սակայն Ապպաս միակողմանի ուղին կը նախընտրէ:
Ան մերժեց բնակեցման վայրերուն մէջ շինարարական աշխատանքները դադրեցնելու պաղեստինեան պահանջը` նշելով, որ նախկին կառավարութիւնը 9 ամիս այդ աշխատանքները սառեցուց, առանց որ այդ մէկը բանակցութիւններու յառաջ մղումին նպաստէ:


