ՄՈՀԱՄԵՏ ԽԱԼԻՖԷ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԷՕԶԵԸԼՏԸԶԸ

Առողջապահութեան գործավար նախարար Մոհամետ Խալիֆէ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Սայտայի մէջ հիմնուած թրքական հիւանդանոցին կահաւորումը ամբողջացնելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցը առողջապահութեան նախարարութեան յանձնելու քայլերը:

 

Share this Article
CATEGORIES