ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՆՇԵՑ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

Նախագահ Սարգսեան՝ Հանրապետութեան տօնին առիթով պարգեւատրուած երախտաւորներուն հետ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տօնին առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ կոչումներ եւ մետալներ շնորհեց գիտութեան, կրթութեան, առողջապահութեան եւ մշակոյթի մարզերու շարք մը ներկայացուցիչներուն: Նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին պարգեւատրուածներուն ուղղուած շնորհաւորութիւններէն բացի, նախագահ Սարգսեան տօնին առիթով ողջունեց ամբողջ հայ ժողովուրդը:

Ըստ նախագահ Սարգսեանի, այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ 28 Մայիս 1918-ին, յեղափոխութիւն էր հայ ժողովուրդի սրտին եւ գիտակցութեան մէջ: «Եթէ մինչեւ 28 մայիս մենք հպատակ էինք, այդ օրը դարձանք քաղաքացի: Մայիսեան հերոսամարտերը եւ այդ օրը վառ վկայութիւն են նաեւ այն բանին, որ ազգային միասնութիւնը հրաշքներ կը գործէ», նշեց հանրապետութեան նախագահը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ հանգամանքներու բերումով 28 Մայիսին ծնած Հայաստանին չիրագործածը պէտք է յաջողի իրագործել 21 սեպտեմբերին վերածնած Հայաստանը:

«Զօրաւոր բանակը լաւ է, իսկ զօրաւոր, ազատ ու պաշտպանուած քաղաքացիներուն բանակը շատ աւելի լաւ է, քանի որ ազատ քաղաքացին ամէնէն յուսալի պատուարն է թէ՛ արտաքին թշնամիին, թէ՛ ներքին ապօրինութիւններուն դէմ», նկատել տուաւ հանրապետութեան նախագահը:

Իր կարգին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրուան առիթով: Ան յայտնեց, ո 28 Մայիսը համաժողովրդական տօն է եւ թանկ ու նուիրական է բոլոր հայերուն համար:

Ըստ նախագահ Սահակեանի, այս օրը դարձաւ հայութեան բազմադարեան պատմութեան փառաւոր էջերէն մէկը, երբ ցեղասպանութիւն տեսած եւ պատմական հայրենիքին մեծ մասը կորսնցուցած ժողովուրդը կրկին վերապրելու եւ ինքնահաստատուելու դիմում ներկայացուց աշխարհին` ազատ եւ անկախ ապրելու եւ արարելու հաստատակամութեամբ:

Նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը ծնաւ չափազանց ծանր աշխարհաքաղաքական պայմաններու մէջ եւ գոյատեւեց ոչ երկար ընդամէնը 2,5 տարի, սակայն անոր ձգած դասերը մեծ խորհուրդ կը պարունակեն իրենց մէջ եւ արդիական են մինչեւ այսօր:

Ան նաեւ նշեց, որ հայութիւնը պարտաւոր է յիշելու պատմութեան այդ բեկումնային իրադարձութիւնները, արժեւորել յաջողութիւններն ու ձեռքբերումները եւ երբեք չկրկնել անցեալի սխալները: Իւրաքանչիւր հայ` Հայաստանի, Արցախի թէ սփիւռքի մէջ, պարտաւոր է ըստ ամենայնի աջակցիլ պետականութեան շինութեան գործին, կատարել առաւելագոյնը, որպէսզի հայ ժողովուրդին երթը յաւերժ եւ անսասան ըլլայ:

 

Share this Article
CATEGORIES