Դատախազ Համմուտ Պահանջեց Քանսոյի Անձեռնմխելիութիւնը Չեղեալ Նկատել
Ընդհանուր դատախազի փոխարինող դատախազ Սամիր Համմուտ երէկ արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուիէն պահանջեց Պաաս կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Ասեմ Քանսոյի անձեռնմխելիութիւնը չեղեալ նկատել` հանրապետութեան նախագահին դէմ անոր կատարած յայտարարութեան պատճառով:
Նշենք, որ 19 յունիսին Քանսօ յայտնած էր, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Սուրիոյ դէմ բողոքելու քայլը հակասահմանադրական է եւ կը նկատուի գերագոյն դաւաճանութիւն:
CATEGORIES Լիբանանեան

