Քաղաքացիական Հասարակութիւնը Երէկ Դարձեալ Ցոյց Մը Կատարեց Ռիատ Սոլհի Հրապարակին Վրայ

Քաղաքացիական հասարակութեան ցոյցէն պահ մը

Քաղաքացիական հասարակութեան անդամները երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ, դարձեալ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ` մերժելով խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը:

Լիբանանեան դրօշակներ բարձրացուցած հարիւրաւոր ցուցարարներ կոչ ուղղեցին երեսփոխաններուն հեռանալու` խորհրդարանը նկատելով ապօրինի:

Քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները հաստատեցին, որ խորհրդարանի անդամները ընթացաւարտ երեսփոխաններ կը նկատուին, եւ օրէնսդրական նիստի կայացումը լկտիութիւն նկատեցին` աւելցնելով, որ երկրին ապահովական իրավիճակին պատճառաբանութիւնը իրենց համար երբեք համոզիչ չէ եղած:

Share this Article
CATEGORIES