Զօր. Աուն Վերահաստատեց Ապահովական Կառոյցներու Պետերուն Պաշտօնավարութեան Երկարաձգման Իր Մերժումը
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին յայտնեց, որ խորհրդարանին գումարելիք օրէնսդրական լիագումարին իբրեւ օրակարգ նկատի չեն առնուած որոշ օրինագիծեր, որոնք շատ աւելի առաջնահերթ են, ինչպէս` Իսրայէլ ապաստանած լիբանանցիներուն թղթածրարը: Ան շեշտեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին օրակարգը խտրութեամբ ճշդուած է` աւելցնելով, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծն ու երկրին պետական գանձարկղին մեծ գումարներ ապահովող կազատարին մասին օրինագիծերը նաեւ նկատի չեն առնուած օրակարգին վրայ:
Զօր. Աուն հաստատեց, որ սահմանադրութեան առումով Լիբանան վատագոյն պայմաններուն մէջ գտնուած է քրիստոնեաներուն իրաւունքները զլանալու իմաստով: Ան հաստատեց, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ ապահովական կառոյցներու պետերուն պաշտօնավարութեան երկարաձգումը եւ հարց տուաւ, թէ ո՞վ Լիբանանի գոյութեան ժամանակաշրջանը կ՛երկարաձգէ:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ 1990-էն ի վեր բանակի հրամանատարները կը նշանակուին եւ լիբանանցիներուն վրայ կը պարտադրուին իբրեւ հանրապետութեան նախագահներ:
Զօր. Աուն մերժեց Ապրայի մէջ պատահած դէպքերուն պատասխանատուութիւնը վերագրել միայն ներքին գործոց նախարարին:


