Սինիորա Եւ Հարիրի Այցելեցին Նախագահ Սլէյմանի Եւ Վարչապետարանին Մէջ Մասնակցեցան Քաղաքական-Ապահովական Հանդիպումի Մը

Վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած ընդարձակ հանդիպումէն պահ մը

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ երեսփոխան Պահիա Հարիրի երէկ ուղղուեցան Պաապտա, ուր անոնք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի յանձնեցին պահանջագիր մը, որուն մէջ նշուած էր, թէ Սայտայի դէպքերուն թղթածրարը պէտք է փոխանցել Արդարութեան խորհուրդին եւ թէ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազը անձամբ պէտք է հետեւի հետաքննութիւններուն, մինչեւ այդ թղթածրարին Արդարութեան խորհուրդ փոխանցումը:

Սինիորա եւ Հարիրի պահանջեցին Սայտայի եւ Ապրայի մէջ զինեալ խմբաւորումներու բնակարաններն ու գրասենեակները փակել, ինչպէս նաեւ արգիլել Սայտայի մէջ զինեալ բոլոր երեւոյթները եւ Սայտայի բոլոր շրջաններուն մէջ ճամբաներու տարբեր կուսակցութիւններու դրօշակներով յարդարումը:

Նախագահական պալատէն ետք, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ երեսփոխան Պահիա Հարիրի ուղղուեցան վարչապետարան, ուր անոնք հանդիպում մը ունեցան հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատել, ինչպէս նաեւ ընդհանուր դատախազի փոխանորդ Սամիր Համմուտ, Սայտայի եւ Ապրայի քաղաքապետեր, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր եւ Սայտայի միւֆթի Սելիմ Սուսան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Ապրայի իրադարձութիւնները: Միքաթի հաստատեց, որ բանակին դէմ յարձակում գործողները անպատճառ դատավարութեան պիտի ենթարկուին, սակայն կան նաեւ անոնք, որոնք յանցանք չունին եւ պէտք է անոնց նկատմամբ արդար վարուելակերպ ցուցաբերել:

Միքաթի ընդգծեց, որ բանակին դէմ յարձակիլը բացարձակապէս արգիլուած է եւ պէտք է բանակին նկատմամբ եղբայրական մօտեցում ցուցաբերել ու վստահիլ անոր:

Հանդիպումին ընթացքին բանակի պատասխանատուները հերքեցին Ապրայի ճակատումին որեւէ կուսակցութեան մասնակցութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Սինիորա ընդգծեց, որ իրենք կը մերժեն բանակին դէմ յարձակումը, որ կողմէն որ ալ ըլլայ ան: «Բանակի ոեւէ նահատակ ամբողջ Լիբանանի նահատակն է», ըսաւ ան:

Սինիորա աւելցուց, որ մարդկային իրաւունքները պէտք է յարգել եւ զինեալներու կեդրոնները պէտք է փակել:

Իր կարգին, Պահիա Հարիրի արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ իրենց համար անցեալ կիրակի օր նոր 14 փետրուար մըն էր. ան հաստատեց, որ խաղաղութեան եւ ապահովութեան վերահաստատումը բոլոր լիբանանցիներուն կամքէն կախեալ է, որովհետեւ հարցը միայն Սայտայի չի վերաբերիր, այլեւ` ազգային հարց է:

Միքաթիի Այցելուները

Միւս կողմէ, Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրլանտայի դեսպան Իզոլտ Մոյլընը, որուն կեցութեան վայրը Գահիրէն է:

Հանդիպումէն ետք Մոյլըն յայտնեց, որ ինք տարին քանի մը անգամ կ՛այցելէ Լիբանան, որուն իրավիճակը այս հանգրուանին բաւական մտահոգիչ է:

Մոյլըն շեշտեց, որ հակառակ տիրող դժուար պայմաններուն, իրենք կը զօրակցին նոր կառավարութիւն մը կազմելու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ կը գիտակցին, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն բեռը բաւական ծանր է Լիբանանի համար:

Միքաթիի այցելեցին նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու եւ առեւտուրի ու տնտեսութեան հարցերու նախարարներու պաշտօնակատարներ Նիքոլա Նահհաս եւ Նիքոլա Սահնաուի:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Միքաթի նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցած էր նախկին վարչապետներու հետ եւ քննարկած Սայտայի ապահովական իրադարձութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES