Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարը Մեկնաբանեց «Ֆրանս 24»-ին Տրուած Հարցազրոյցը

Կարէն Միրզոյեան

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի երէկուան նիստին ընթացքին կառավարութեան հետ հարցում-պատասխանի ժամանակ Դաշնակցութիւն խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան հարցում ուղղեց արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանին, որ, ըստ պատգամաւորին, «Ֆրանս-24» պատկերասփիւռի կայանին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան ռազմավարական հարցերուն շուրջ յայտնեց այլ տեսակէտներ, մասնաւորաբար` սահմանադրութեամբ ամրագրուած ազատագրուած տարածքները անուանելով բաժնող գօտի, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հարցին շուրջ որոշ անորոշ յոյսեր կապելով:

«Չենք թաքցներ, այդ հարցազրոյցէն ետք Դաշնակցութիւն խմբակցութիւնը որոշած էր հանդէս գալ Ազգային ժողովի արտակարգ նիստ հրաւիրելու նախաձեռնութեամբ, սակայն «Մետիամաքս» լրատու գործակալութեան տրուած հարցազրոյցին ընթացքին վերոնշեալ հարցերուն շուրջ նախարարը արտայայտեց այլ կարծիքներ: Հարցումս հետեւեալն է` ինչպէ՞ս կրնայ արհեստավարժ դիւանագէտ հանդիսացող արտաքին գործոց նախարարը քանի մը օրուան ընթացքին արտաքին քաղաքականութեան ռազմավարական հարցերուն շուրջ տարբեր կարծիքներ արտայայտել, ինչ որ, մեր կարծիքով, ո՛չ անգլերէն լեզուի իմացութեան, ո՛չ ալ եթերային ժամանակի սղութեան հետ կախեալ է, եւ ո՞րն է այդ հարցազրոյցին մէջ արտայայտուած տեսակէտներու տարբերութեան իսկական պատճառը», հարցումը այսպէս ձեւակերպեց պատգամաւորը:

Իբրեւ պատասխան` արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց հետեւեալը. «Կը ցանկայի յայտնել իմ ափսոսանքս, որ վերջերս «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին տուած իմ հարցազրոյցս զանազան մեկնաբանութիւններու եւ կարծիքներու տեղի տուաւ: Կը կարծեմ, որ այս դահլիճին մէջ ներկայ Արցախի օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութեան պատասխանատուներու միտքէն նոյնիսկ չ՛անցնիր, որ իբրեւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար ես կրնամ արտայայտել միտքեր եւ գաղափարներ, որոնք ուղղակի կը հակասեն մեր կողմէ որդեգրուած արտաքին քաղաքականութեան հիմնարար սկզբունքներուն եւ նպատակներուն: Հակառակ պարագային ես ուղղակի չէի համարձակեր ստանձնելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը:

«Ընդունելով հանդերձ իմ մեղքիս չափաբաժինը այն թեքնիք վրիպումին համար, որ պայմանաւորուած էր նախ եւ առաջ ուղիղ սփռումի հարցազրոյցին կայացման առանձնայատկութիւններով, կը խնդրէի միաժամանակ հարցազրոյցին մասին դատողութիւններ կատարելու ընթացքին ընկալել ատիկա ընդհանրութեան մէջ, այլ ոչ թէ հատուածաբար: Այդ պարագային կը կարծեմ դժուար չէ նկատել, որ հիմնական շեշտը դրուած է այն միտքիս վրայ, որ խաղաղութեան հասնելու բոլոր ջանքերը պէտք է կեդրոնացուին երկու անկախ պետութիւններու` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի խաղաղ գոյակցութեան ապահովման վրայ: Եւ յատուկ ընդգծուած է, որ ուշ, կամ կանուխ ատիկա իրողութիւն պիտի դառնայ: Այդ դիրքորոշումը բազմիցս հնչած է իմ հրապարակային ելոյթներուս մէջ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ»:

Պատասխանէն ետք պատգամաւորը արտաքին գործոց նախարարին կոչ ուղղեց շատ աւելի զգուշ ըլլալու:

 

Share this Article
CATEGORIES