Արցախի Մէջ. Նախագահ Սահակեան Կը Մասնակցի Մարտակերտի Ազատագրութեան 20-Ամեակի Տօնական Ձեռնարկներուն

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ այցելեց Մարտակերտ եւ մասնակցեցաւ քաղաքի ազատագրման 20-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն:

Իր խօսքին մէջ նախագահ Սահակեան նշեց, որ Մարտակերտի ազատագրումը մեծ տօն է մեր ամբողջ ժողովուրդին համար, եւ ատիկա իրականութիւն դարձուցած են հայ  ժողովուրդի լաւագոյն զաւակները, որոնց սխրանքը միշտ օրինակ պիտի հանդիսանայ սերունդներուն համար:

Ըստ նախագահ Բակօ Սահակեանի, հայրենիքի համար նահատակուած հերոսներու յիշատակը վառ պահելու լաւագոյն միջոցը անոնց նպատակներուն իրականացումն է, հայրենի երկրի շենացումն ու զարգացումը: Այս ծիրին մէջ երկրին նախագահը ընդգծեց, որ  պետութիւնը պիտի ընէ կարելի ամէն ինչ Մարտակերտի շենացման ու մարտակերտցիներու կենսապայմաններու բարելաւման եւ Արցախի անկախ պետականութեան ամրապնդման ուղղութեամբ:

Այնուհետեւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ընթացքին ցուցաբերած անձնական խիզախութեան համար նախագահ Սահակեան «Մարտական ծառայութիւն» մետալը  յանձնեց խումբ մը ազատամարտիկներու:

Ձեռնարկին կը մասնակցէին Լեռնային Ղարաբաղի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հիւրեր Հայաստանէն եւ արտերկրէն:

 

Share this Article
CATEGORIES