Հեծելարշաւ. «Պայք Ճենըրէյշըն» Պիտի Պատուէ Իր Խումբը` Աթլեթիքօ Պէյրութը

Իր հրապարակած յատուկ հաղորդագրութեան մէջ «Պայք Ճենըրէյշըն» յայտնեց, որ մօտիկ ապագային պիտի պատուէ իր խումբը` Աթլեթիքօ Պէյրութը, որ հանդիսացաւ Լիբանանի հեծելարշաւի ճամբու ախոյեան: Հաւանական է, որ անիկա իր խումբը պատուէ այս տարեշրջանի աւարտին:

Աթլեթիքօ Պէյրութ այս տարեշրջանին հանդիսացաւ ախոյեան` իր կազմին մէջ ունենալով Զահեր Հաժը, Նեպիլ Թապպալը, Խալիլ Ասմարը, Էլիաս Ապու Ռաշետը, Ռեմոն Հոպէյքան եւ Հասան Հաժը:

«Պայք Ճենըրէյշըն»-ի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ տարիներու իր աշխատանքը, այս տարեշրջանին աւելի եւս արդիւնաւորուեցաւ, որովհետեւ Աթլեթիքօ Պէյրութ բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ ձեռք ձգեց:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )