Միջցամաքամասային Ֆութպոլի Մրցաշարք. Վաղը` Ուրուկուէյ – Իտալիա Եւ Պրազիլ – Սպանիա

Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող Միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտին մնացած է երկու մրցում միայն, որմէ ետք խումբերը կը մեկնին իրենց հայրենիքը:

3-րդ դիրքի մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` կիրակի, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին, իրարու դէմ պիտի մրցին Ուրուկուէյ եւ Իտալիա:

Ինչ կը վերաբերի աւարտական մրցումին, հիւրընկալ երկիրը` Պրազիլ, իր դէմ պիտի ունենայ Սպանիան:

Աւարտական այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերուան միջոցին: Անոր ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 1:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Share this Article
CATEGORIES