Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարքի Վիճակաձգութիւն

Երէկ` ուրբաթ, 28 յունիսին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի 2013-2014 տարեշրջանի բաժակի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը:

Մրցումները, որոնք կը սկսին քառորդ աւարտականէն սկսեալ, տեղի պիտի ունենան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ. Գանձասար – Ուլիս, Փիւնիկ – Արարատ, Շիրակ – Բանանց եւ Ալաշկերտ – Միքա:

Երէկ որոշուեցաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն եւ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն մասնակցող խումբերուն շարքը, որուն հիման վրայ մօտիկ ապագային տեղի պիտի ունենայ 2013-2014 տարեշրջանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:

Ստորեւ` շարքը.

ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԽՈՒՄԲ
Բանանց, Ուլիս, Շիրակ, Փիւնիկ, Միքա, Գանձասար, Ալաշկերտ եւ Արարատ:

Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
Փիւնիկ-2, Բանանց-2, Արարատ-2, Բանանց-3, Միքա-2, Ալաշկերտ-2, Շիրակ-2, Շենգաւիթ եւ Գանձասար-2:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )