Փինկ Փոնկ. Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Դուին Մումջողլեան Մեկնեցաւ Փուսան

Դուին Մումջողլեանան

Երէկ երեկոյեան, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Փուսան (Հարաւային Քորէա) մեկնեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Լիբանանի փինկ փոնկի ազգային խումբին մաս կազմող Դուին Մումջողլեան` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիոյ փինկ փոնկի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 1-8 յուլիսին:

Նշենք, որ Մումջողլեան Լիբանանէն մեկնող միակ մարզիկն է, որ կը մասնակցի փինկ փոնկի ախոյեանութեան:

Նշենք, որ Փուսան մեկնած լիբանանեան պատուիրակութիւնը (երեք անձեր) կը գլխաւորէ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա:

 

 

Share this Article
CATEGORIES