Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Հոգեպէս պատրաստ էք դիմագրաւելու եւ շրջանցելու բոլոր տեսակի արգելքները եւ խոչընդոտները: Ինքնավստահութիւնը պահեցէք ամուր:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Դժուար է պահել գաղտնիք մը, երբ կ՛ուզէք զայն ըսել ամէնուն: Նոյն ատեն հոգ մի՛ ընէք, եթէ նոյնիսկ զղջաք ձեր անկեղծ արտայայտութեան համար:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մասնակցեցէք ձեր բարեկամներուն ծրագրին իրագործման: Կրնաք օգտակար ըլլալ անոնց գործունէութեան: Պատրաստակամ ըլլալը բարիք է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կը մտածէք արձակուրդի մասին, բայց ըստ երեւոյթին, ներկայիս չունիք կարելիութիւնը կամ կարողութիւնը զայն իրագործելու: Համբերեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր մօտալուտ ճամբորդութիւնը պիտի իրագործուի հիանալի անակնկալներով: Հոգ մի՛ ընէք, թէ ո՛ր մէկ ուղղութեամբ պիտի ճամբորդէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ ձեր կարգ մը աշխատանքները դժուար իրագործելի կը թուին, մի՛ խուսափիք, որովհետեւ կ՛արժէ նման յոգնութիւն յանձն առնել:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Օրը դժուար է համաձայնութիւն մը կնքելու կամ բանակցութիւն կատարելու: Առանց այլեւայլի` յետաձգեցէք այսօրուան հանդիպումը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մէկ տեսակ գործի վրայ մի՛ կեդրոնանաք, ունիք նաեւ այլ պատասխանատուութիւն: Փոփոխութիւն բերէք ձեր աշխատանքին մէջ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Սիրային կապեր ունիք, հանդիպումներ կան, պիտի մտածէք այս մասին: Եթէ այլ հարցերով խանգարում ըլլայ, մի՛ մտահոգուիք: Օրը լաւ է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պէտք է լաւ հասկնաք, թէ աւելի լաւ է ըլլալ դիւանագէտ, քան` ծանր խօսքերով վիրաւորել մէկը: Ուշադիր եղէք ձեր վերաբերումին:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ժամանակ տրամադրեցէք կեանքը վայելելու: Բնութեան գեղեցկութիւնը, գեղատեսիլ վայրերը այցելելու մի՛ մոռնաք: Ստիպուած մի՛ զգաք դուք ձեզ զրկելու կեանքին բարիքներէն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Փոխեցէք ձեր աշխատանքին ձեւն ու կշռոյթը: Կեանքը կը փոխուի ինքնաբերաբար, հետեւաբար մտածեցէք նորութիւններ ստեղծելու մասին:

