50 Տարի Առաջ (1 Յուլիս 1963)
Լեռնալիբանանի Քաղաքապետական
Ընտրութիւնները Տեղի Ունեցան Հանդարտ
Մթնոլորտի Մէջ Եւ Լայն Մասնակցութեամբ
Պուրճ Համուտի Մէջ Դաշնակցութեան Ցանկը
Ընտրուեցաւ Առանց Մրցակիցի
Լեռնալիբանանի քաղաքապետական ընտրութիւնները տեղի ունեցան երէկ: Ապահովութեան պատկառելի ուժ մը` 1800 ոստիկան-զինուորներ, դրուած էր շրջանի նահանգապետին եւ զանազան գայմագամներու տրամադրութեան տակ: Քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ տենդագին մթնոլորտի մէջ, բայց` հանդարտութեամբ: Քանի մը մեկուսի միջադէպեր տեղի ունեցան կարգ մը շրջաններու մէջ: Կռիւներ տեղի ունեցան հակառակորդ ցանկերու կուսակիցներու միջեւ: Կռուողները գործածեցին բիրեր, քարեր ու ածելիներ:
Ներքին գործոց նախարարութեան հասած տեղեկագիրներուն համաձայն, այս բախումներու ընթացքին կարգ մը անձեր վիրաւորուեցան. 8 Պաուշրիէ-Ժտէյտէի, 5 Ժիպէյլի եւ 4 Հատեթի մէջ (անոնցմէ երկուքին վիճակը մտահոգիչ է) եւ 1 Զալքայի մէջ:
Ներքին գործոց նախարարին հրահանգով չորս գիւղերու ընտրութիւնները յետաձգուած էին: Վերջին լուրերուն համաձայն, յետաձգուած են հետեւեալ շրջաններու ընտրութիւնները. Ֆրըն էլ Շըպպեք, Շուիթ, Մաասեր, Պարուք, Քրայպէ, Մեժտել Մէուշ եւ Ռապան:
Մասնակցողներուն թիւը այնքան մեծ էր, որ հարկ եղաւ կարգ մը վայրերու մէջ քուէարկութեան փակման ժամը երկարաձգել: Մասնակցողներուն թիւը նախորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն թիւէն աւելի էր: Պէտք է ըսել, թէ 1952-էն ի վեր առաջին անգամն էր, որ քաղաքապետական ընտրութիւններ տեղի կ՛ունենային:
Ապա պէտք է աւելցնել, թէ քաղաքապետական ընտրութիւնները, երեսփոխանական ընտրութիւններէն հազիւ տարի մը առաջ տեղի ունեցած ըլլալով, փորձ մըն էին եւ ուժի ցուցադրութիւն մը երեսփոխանութեան ապագայ թեկնածուներուն միջեւ: Միւս կողմէ, կիներու մասնակցութիւնը մեծ էր եւ գործօն:
Ուստի, երէկուընէ ի վեր, Լեռնալիբանանի 131 շրջաններ նոր քաղաքապետութիւններով օժտուած եղան:
Երկու կիրակի ետք կարգը պիտի գայ հիւսիսային Լիբանանի:
Առաջին Արդիւնքները
Առաջին արդիւնքները ներքին գործոց նախարարութեան հասան Աժալթունէն եւ Տլէյթայէն, մինչ կ՛իմանայինք, որ Մէյրուպայի եւ Ժինէի միակ ցանկերը ամբողջութեամբ ընտրուած են:
Պուրճ Համուտի Մէջ
Պուրճ Համուտի մէջ ընտրութիւններ տեղի չունեցան, նկատի ունենալով, որ բացի միացեալ ցանկի անդամներէն, ոեւէ մէկը իր թեկնածութիւնը չէր դրած:
Յակոբ Աշճեանի գլխաւորութեամբ կազմուած ցանկը, որ կը բաղկանայ 14 անդամներէ, ընտրուած յայտարարուեցաւ, առանց մրցակիցի:
Քաղաքապետական նոր խորհուրդին անդամներն են.
Յակոբ Աշճեան, Լութֆիկ Նարկիզեան, Լութֆիկ Պուլտուգեան, Արշակունի Ռաֆայէլեան, Պետրոս Վեքիլեան, տոքթ. Միսաք Արզումանեան, տոքթ. Իշխանեան, տոքթ. Եղիա Կարապետեան, Յովհաննէս Ջագմագճեան, Պըշարա Ահուաժի, Էտուար Խուրի, Ժոզեֆ Քուէք, Ռըտա Սոֆուան, Շարլ Շիխանի:
Լեռնալիբանանի Նահանգապետին
Յայտարարութիւնը
Լեռնալիբանանի նահանգապետ Ֆաուզի Պարտաուիլ երէկ իրիկուն յայտարարեց.
«Այսօրուան ընտրութիւնները ցոյց տուին, թէ լիբանանցիք քաղաքապետական ընտրութիւններով կը հետաքրքրուին նոյնքան ու գուցէ շատ աւելի, քան` երեսփոխանական ընտրութիւններով: Ասիկա բնական է, որովհետեւ քաղաքապետները յարատեւ շփման մէջ են քաղաքացիներուն հետ:
«Ուստի, նկատեցինք, որ եռուզեռը մեծ էր, քուէարկողներու համեմատութիւնը անցաւ երեսփոխանական ընտրութեանց համեմատութիւնը:
«Լեռնալիբանանի ընտրողները վերջին օրերու ընթացքին դիւրագրգիռ վիճակ մը ցոյց տուած ըլլալով` անհրաժեշտ միջոցները ձեռք առին խռովութիւնները կանխելու եւ լաւագոյն պայմաններու մէջ ընտրութիւնները կատարելու համար: Կը կարծեմ, թէ յաջողեցանք կարգը պահպանել: Ծանր դէպքեր չպատահեցան: Եղան քանի մը բախումներ, որոնք շուտով զսպուեցան կարգապահական ուժերուն կողմէ»:
Պարտաուիլ երէկ առտու կանուխ եկած էր Պաապտայի սերային իր գրասենեակը, ուրկէ հետեւեցաւ ընտրութիւններու ընթացքին: Լեռնալիբանանի նահանգապետը ամբողջ օրը շփման մէջ մտաւ ներքին գործոց նախարարին, գայմագամներուն եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնին հետ:
Մուխթարներու Ընտրութիւնը
Քաղաքապետական խորհուրդներուն հետ տեղի ունեցաւ նաեւ թաղապետներու (մուխթարներ) ընտրութիւն` Լեռնալիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ:
Պուրճ Համուտի մէջ ընտրուեցան 8 մուխթարներ.
Ալպեր Մոմճեան, Երուանդ Թաւուգճեան, Արամ Կիւլիւզեան, Բակուր Աղասարգիսեան, Գէորգ Գանարեան, Պահրի Կիւրիւնլեան, Շիւքրի Տահեր Սալեհ եւ Հիւսէյն Եասին Ահմազ:

