Աստղերու Մշակոյթ. Արդեօք Մեր Ուղեղը Եղափոխուած Է` Առանց Մտածելու Կապկելո՞ւ Համար Աստղերը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՇԱՏԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՆՈՒԱՆԻ ԱՍՏՂԵՐՈՒ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ՎԱՐՈՒԵԼԱԿԵՐՊԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵԼԸ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՆՊԱՏԱԿ Է: Ի՞ՆՉ ԲԱՆԻ ԿԸ ԾԱՌԱՅԷ ԱՍԻԿԱ: ԱՆՈՒԱՆԻ ԱՍՏՂԵՐՈՎ ՀԱՄԱԿՈՒԵԼՈՒ ՄԵՐ ՀԱԿԱՄԷՏՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԴԻՒՆՔ Է ՄԵՐ ՏԿԱՐ ՅԱՐՄԱՐԱԾ ՈՒՂԵՂՆԵՐՈՒՆ, ԿԸ ՎԻՃԻ ՏԸՐԱՄԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՄԱՐԴԱԲԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ՃԷՅՄԻ ԹԵՀՐԱՆԻ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԱԾ ԱՆՈՐ ԳԻՏԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ԿՐՆԱՅ ՆՊԱՍՏԵԼ` ՏԱՐԲԵՐ ԱՉՔԵՐՈՎ ԴԻՏԵԼՈՒ ԱՆՈՒԱՆԻ ԱՍՏՂԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ՇՆՈՐՀՈՒԱԾ ԱՒԵԼՈՐԴ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐՕՐԵԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ ՄԷՋ:
Կը սիրեմ լաւ մէջբերումները:
Նախասիրած մէջբերումներէս մէկը կը պատկանի Մարք Թուէյնի, որ առիթով մը հետեւեալը գրած է իր մէկ բարեկամին. «Ներողամիտ եղիր նամակիս երկարութեան համար, սակայն ժամանակ չունեցայ աւելի կարճ նամակ մը գրելու»:
Այս այլաբանութիւնը յաճախ կրկնած եմ բարեկամներու եւ պաշտօնակիցներու: Իրապէս, որ հեգնական եւ իմաստալից հիանալի մտածում մըն է: Կարելի է ըսել` Թուէյնի բնորոշ դիտարկում մը:
Սակայն հարցը այն է, թէ ասիկա պարզապէս չի համապատասխաներ իրականութեան: Որովհետեւ, ինչպէս այն անձը, որ վերջերս զիս բռնեց այս մէջբերումը կատարելու յանցանքին վրայ, ըսաւ, թէ անիկա կը պատկանի նուազ անուանի ֆրանսացի իմաստասէր Պլեզ Փասքալի, որ զայն բանաձեւած է 1657-ին, պաշտօնակիցի մը ուղղուած նամակի մը մէջ: Ստուգեցի. շատ ճիշդ էր:
Յայտնապէս ասիկա միակ մէջբերումը չէ, զոր սխալ վերագրած եմ:
Վստահաբար ձեզմէ շատերը ծանօթ են Այնշթայնի բացառիկ խօսքին. «Խելագարութիւնը իր բնորոշումով տեւաբար նոյն բանը կը կրկնէ եւ կ՛ակնկալէ տարբեր արդիւնք»: Հաւանաբար ասիկա Այնշթային ամէնէն հռչակաւոր խօսքն է` «E=mc2»-էն անկախ:
Պարզապէս ոչ մէկ արձանագրութիւն կայ, թէ Այնշթայն երբեւիցէ արտասանած է այս բառերը: Անոնք առաջին անգամ հրատարակուած են 1981-ին, «Անանուն թմրամոլներ» անունով կազմակերպութեան մէկ թերթին մէջ, մեծ գիտնականին մահէն շուրջ 25 տարի ետք:
Բազմաթիւ նման օրինակներ կարելի է թուել:
Ուինսթըն Չըրչըլ, Պենճըմին Ֆրենքլին եւ Մարթին Լուտըր Քինկ հաւանաբար ըսած են իրենց վերագրուած խօսքերուն հազիւ կէսը: Պատճառը այն է, թէ խօսքերը աւելի կը մէջբերուին, երբ կը վերագրուին իրենց սրամտութեամբ եւ իմաստութեամբ հռչակաւոր անձերու:
Ասիկա յանցանք մը չէ, որովհետեւ մէջբերումները սխալ անձերու վերագրելը ցոյց կու տայ մեր հակամէտութիւնը` պէտք եղածէն աւելի արժէք տալու անուանի աստղերու:
Հռչակի Հմայքը
Հռչակը մշակութային մագնիսական հզօր ուժ մը ունի: Գերաշխուժ ընկերային արարած մը ըլլալով` մարդը իր գիտութեան, գաղափարներուն եւ կարողութիւններուն մեծ մասը կը ստանայ ընդօրինակելով ուրիշները, փոխանակ` անձամբ փորձելով եւ սխալելով սորվելու: Այսուհանդերձ, շատ աւելի ուշադրութիւն կը դարձնենք հռչակաւոր անձերու սովորութիւններուն եւ վարուելակերպին, քան` մեր հաւաքականութեան սովորական անդամներուն կենցաղին եւ վարմունքին:
Այսպէս, կարելի է հետեւցնել, թէ իրերը շատ աւելի տիրական կը դառնան, երբ կ՛առնչուին այս կամ այն պատճառով հռչակաւոր անձի մը, նոյնիսկ երբ կապակցութիւնը սխալ է, ինչպէս` Թուէյնի եւ Այնշթայնի վերագրուած մէջբերումները: Ասկէ կը ծագի հարցումը. արդեօք խօսք մը աւելի՞ կարեւոր է, քան` անոր հեղինակը:
Այլ օրինակ մը, որ ցոյց կու տայ, թէ անուանի աստղերը ինչպէ՛ս կը գործեն մշակութային քաշողականութեամբ, այն է, թէ մենք յաճախ կ՛ընդօրինակենք երեւոյթներ, որոնք գրեթէ ոչ մէկ կապ ունին նոյն աստղերուն հռչակ ապահոված կարողութիւններուն հետ: Օրինակ` անոնց հանդերձանքը, մազի յարդարանքը, խօսելու ոճը:
Հիմնականին մէջ այս պատճառով է, որ ընկերութիւններ կը հովանաւորեն անուանի աստղեր, որպէսզի անոնք գործածեն իրենց արտադրութիւնները: Անուանի աստղերը տեւաբար ներկայ են պատկերասփիւռի պաստառին վրայ եւ լրատուամիջոցներու մէջ: Հետեւաբար անոնց որոշ վաճառանիշով ճինզ մը հագցնելը կամ ժամացոյց մը նուիրելը հսկայ ճամբայ կը կտրէ` տուեալ արտադրութիւնները հանրութեան ծանուցելու արշաւին մէջ:
Սակայն, երեւոյթը չի վերաբերիր միայն արտադրութիւններ ծանուցելու հանրութեան: Պատկերասփիւռի կամ համակարգիչի պաստառին վրայ նկարներ չեն ըսեր մեզի, թէ ի՛նչ ներքնազգեստ հագած է Տէյվիտ Պեքհամ, ի՛նչ սուրճ կը խմէ Ճորճ Քլունի կամ ի՛նչ անուշահոտ կը գործածէ Պիանսէ:
Ընկերութիւններ անուանի աստղերը կը մղեն գործածելու իրենց արտադրութիւնները, պարզապէս որովհետեւ գիտեն, թէ արժէքի մեր ըմբռնումները ուղղակի ազդեցութիւնը կը կրեն հռչակի ներգործութեան: Աստղերու կողմէ ծանուցումը ոչ միայն աւելի ուշագրաւ կը դարձնէ արտադրութիւն մը, այլ նաեւ` աւելի ցանկալի:
Իսկ ի՞նչ է պատճառը. անուանի աստղերու մշակոյթը յաճախ կը պատկերուի իբրեւ համեմատաբար նոր բան մը, լրատուամիջոցներով հագեցած սակայն ընկերային գետնի վրայ տարբաղադրուած հաւաքականութեան մը արտադրութիւնը:
Տիրականութեան Եւ Վարկի Հակասութիւնը
Թէեւ համաձայն եմ, թէ անուանի աստղերու մշակոյթը ձեւաւորած է արդի աշխարհը, սակայն անոր արմատները կը գտնուին շատ աւելի հիմնական մարդկային բնազդներու մէջ, որոնք գլխաւոր դեր խաղացած են մշակոյթ կերտելու մէջ եւ ճակատագրական ներգործութիւն ունեցած են մարդկային ցեղին յաջող եղափոխութեան մէջ:
Այլ ստնաւորներու քով ընկերային դասակարգային բաժանումները հիմնուած են տիրականութեան վրայ, ինչ որ վարկէն եւ հռչակէն տարբեր յատկանիշ մըն է, որովհետեւ կը պարունակէ վախ եւ բրտութեան վտանգ:
Մարդը կը տարբերի տիրական այլ արարածներէ: Երբ անասունները չեն ստանար իրենց ուզածը, մարտահրաւէր մը կը զգան իրենց դիրքին դէմ, զոր կը սկսին պաշտպանել ուժի կիրարկումով: Մարդկային ընկերութիւնը եւ դասակարգային բազմաթիւ բաժանումներ եւս յատկանշուած են տիրականութեամբ:
Այսուհանդերձ, ի տարբերութիւն տիրական անասուններուն, մարդը գիտէ ընկերային դիրքերը զանազանել վարկի չափանիշներով: Վարկը կը հակասէ տիրականութեան, որովհետեւ կը շնորհուի կամաւոր կերպով: Անիկա անսակարկ կը տրուի անձերու` առ ի գնահատանք որոշ բնագաւառի մը մէջ անոնց իրագործումներուն եւ չի պաշտպանուիր ուժի կիրարկումով:
Ինչպէ՞ս ծնունդ առած են նման համակարգեր: Ամէնէն համոզիչ տեսութիւնը մտածել կու տայ, թէ վարկը եղափոխուած է իբրեւ մէկ մասը հոգեբանական այն յարմարումներուն, որոնք նպաստած են մշակութային գիտելիքներու ձեռքբերումին: Վարկը առիթ տուած է, որ մեր նախահայրերը ճանչնան եւ վարձատրեն գերադաս կարողութեան եւ գիտութեան տէր անձերը եւ սորվին անոնցմէ:
Նախապատմական ժամանակներուն ասիկա առիթ կու տար նոր յայտնաբերումներու եւ թեքնիքներու. օրինակ` ինչպէ՛ս օգտագործել բոյսերու բուժիչ յատկութիւնները կամ կատարելագործել որսորդական զէնքերու ձեւագծումը, ապա` նման գիտելիքներ տարածելու համար ամբողջ բնակչութեան մէջ եւ իւրաքանչիւր սերունդի առիթ տալու, որ զարգացնէ եւ բարելաւէ իր նախնիներէն ստացած գիտութիւնը:
Թէեւ վարկ վայելող անձերու նախապատուութիւն տալու եւ զանոնք ընդօրինակելու կողմնակալութիւնը ընդհանրապէս առիթ տուած է, որ տարածուին կեանքին յարմարելու ծառայող վարուելակերպի երեւոյթները, սակայն մարդաբաններ կ՛ըսեն, թէ անիկա մեզ հակամէտ կը դարձնէ ընդօրինակելու երեւոյթներ, որոնք ինքնին ոչ մէկ օգտակարութիւն ունին կամ նոյնիսկ կրնան վնաս պատճառել:
Պատճառը այն է, թէ վարկի վրայ հիմնուած գիտելիքներու որդեգրումը շատ ընդհանուր մարտավարութիւն մըն է, որուն աղբիւրը յաջողութիւն արձանագրած, հետեւաբար օրինակելի նկատուող տիպարներ են եւ ոչ թէ` յատուկ անոնց կարողութիւնները: Ճիշդ այս պատճառով անիկա կը վերածուի հզօր եւ ճկուն միջոցի, որովհետեւ ա՛յն կարողութիւնները, որոնք յաջողութիւն կը կերտեն, կը տարբերին մէկ միջավայրէն միւսը: Հետեւաբար տրամաբանական կը թուի ընդօրինակել ոեւէ մէկը, որ լաւագոյն դիրքի վրայ է տուեալ ժամանակի մը եւ վայրի մը մէջ:
Այսուհանդերձ, այս մարտավարութիւնը խտրականութիւն չի դներ, հետեւաբար առիթ կու տայ, որ մարդիկ որդեգրեն ամէն տեսակի վարուելակերպի արտայայտութիւններ, զորս կը դրսեւորէ յաջողութիւն արձանագրած տիպարը, ներառեալ` այն կարողութիւնները, որոնք ոչ մէկ կապ ունին անոր յաջողութեան հետ:
Օրինակ, տղամարդիկ կը դիտեն, թէ ինչպէ՛ս յաջող որսորդ մը դիւթերգներով կը ձեւաւորէ իր նիզակները, հետեւաբար կ՛ընդօրինակեն ոչ միայն նիզակները ձեւաւորելու անոր թեքնիքը, այլ նաեւ` ընկերակցող ծիսակատարութիւնը, երբ կը ձեւաւորեն իրենց սեփական նիզակները:
Համոզուած եմ, թէ այս հակամէտութիւնը կը բացատրէ մեր հետաքրքրութիւնը մարզիկներու եւ երգիչներու հանդերձանքին նկատմամբ, անոնց քշած ինքնաշարժին եւ` գնումներու վայրին:
Ինչո՞ւ Կը Շարունակենք Ընդօրինակել
Անցեալին որեւէ անպէտ յատկանիշ, զոր մարդը կ՛որդեգրէր վարկի նկատմամբ իր նախապաշարումներուն իբրեւ արդիւնք, կը նսեմանար գործնական գիտելիքներու ձեռքբերումին դիմաց: Հետեւաբար երկար ժամանակի վրայ ասիկա դարձած էր արդիւնաւէտ եւ յարմարելու ծառայող մարտավարութիւն մը:
Այսուհանդերձ, համոզուած չեմ, որ վարկի նկատմամբ մեր հիացումը այսօր կը շարունակէ մեզի ընձեռել մշակութային գերադաս գիտելիքներ եւ կարողութիւն:
Արդի աշխարհը շատ տարբեր է այն աշխարհէն, ուր եղափոխուած է մարդկային ուղեղը: Համոզուած եմ, թէ յաջող անձերը ընդօրինակելու սկզբնական նախապաշարումը այսօր վերածուած է աստղերով համակուելու վատառողջ երեւոյթի մը, որովհետեւ անոնց տրուած ուշադրութիւնը շատ աւելի է, քան ինչ որ արժանի են անոնք:
Աւելի լաւ բացատրեմ գաղափարս` սննդառութեան հետ առնչուած այլաբանութեամբ մը: Մեր մէջ եղափոխուած է քաղցրեղէններ եւ ճարպոտ ուտելիքներ ճաշակելու նախասիրութիւն մը, որ մեր նախնիները մղած է փնտռելու հասուն պտուղներ եւ մսեղէն, որոնք հարուստ են հիմնական սննդանիւթերով: Սակայն ներկայիս քաղցրաւենիներու զանգուածային արտադրութեան եւ երկրագործական առաւելագոյն բերքը ստանալու համար ի գործ դրուած միջոցներուն պատճառով անցեալին որոշ նպատակով եղափոխուած մեր քիմքը պատճառ կը դառնայ, որ սոնքութիւնը դառնայ զանգուածները վարակող հիւանդութիւն մը, եւ ծնունդ առնեն այս երեւոյթին առնչուած առողջական բազմաթիւ հարցեր:
Նոյն ձեւով` զանգուածային լրատուամիջոցները կարելի է նկատել փուճ ուտելիք ուղեղին համար. արագ, յարմարաւէտ, սակայն` ոչ սննդարար ուտելիք: Մենք մեզ կը յղփացնենք հարստութեան եւ յաջողութեան պատկերներով, որովհետեւ անոնք հաճելի կը թուին վարկի ու համբաւի մեր ախորժակներուն: Սակայն համբաւաւոր աստղերը իրապէ՞ս օրինակելի տիպարներ են:

Նախնադարեան հաւաքականութիւններու մէջ վարկն ու համբաւը կ՛առնչուէին կարողութիւններու հետ, ինչպէս` որսորդական գիտելիքներու:
Այս հարցումը կը հարցնեմ, ոչ թէ ակնարկելով սեռային կիրքով համակուած ֆութպոլի մարզիկներու կամ ժապաւէններու հարբած աստղերու յոռի վարուելակերպին, այլ` աստեղութեան ընդհանուր նպատակին:
Նախնադարեան հաւաքականութիւններու մէջ օրինակելի տիպարի մը յատկանիշները համեմատաբար լաւ բնորոշուած էին. լաւ որսորդ մը, լաւ հաւաքող մը, լաւ ծնող մը կամ ծիսակատարութիւններու մասնագէտ մը օրինակելի տիպար էր:
Սակայն այսօրուան դասակարգային բարդ բաժանումներով, աշխատանքային բաժանումով եւ մշակոյթներու ձուլարան դարձած մեր ընկերութեան մէջ յաջողութեան չափանիշները շատ աւելի այլազան են եւ աղօտ: Բազմաթիւ աստղեր իրենց բնագաւառներուն մէջ, ինչպէս` մարզական եւ երաժշտական, իրագործած են այնպիսի յաջողութիւններ, զորս մեզմէ շատերը ընդօրինակելու յոյսը չեն կրնար փայփայել:
Սակայն կը շարունակենք ընդօրինակել, որովհետեւ մեր ուղեղը ծրագրուած է այնպէս, որ վարկն ու համբաւը կ՛առնչէ յարմարելու վարուելակերպին հետ: Եւ որովհետեւ համբաւը վարկին գլխաւոր ցուցանիշն է, որքան աւելի ուշադրութեան արժանանան անուանի աստղերը, նոյնքան աւելի գրաւիչ կը դառնան անոնք:
Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ համբաւը ինքնին դարձած է նպատակ: Որովհետեւ արդի աշխարհին մէջ կարեւոր չէ, թէ ինչո՛ւ համբաւաւոր ենք:
Իրօք, մինչ այսօրուան աստղերը պատմութեան մէջ որեւէ ժամանակէ աւելի ուշադրութեան կ՛արժանան եւ շատ աւելի վարկ կը վայելեն, անդին` յաճախ մեզի կը թելադրուի զանոնք նկատի չունենալ իբրեւ օրինակելի տիպար:
Այսուհանդերձ, եղափոխութեան եւ մարդաբանութեան դիտանկիւնէն, զոր սահմանեցի ձեզի համար, կրնաք հարց տալ. ի՞նչ բանի կը ծառայեն անուանի աստղերը, եթէ անոնք օրինակելի տիպարներ չեն:
Ինչո՞ւ անոնց շնորհել վարկ, եթէ անիկա պիտի չփոխադարձուի մեզի պիտանի որեւէ բանով:
Այս հարցումներուն մասին խորհրդածելու ժամանակ կ՛արժէ նկատի ունենալ Սամուէլ Ճոնսընի բառերը. «Անուն մը ստանալը այն սակաւաթիւ բաներէն է, որ կարելի չէ դրամով գնել: Անիկա մարդկութեան պարգեւն է, որուն արժանի պէտք է դառնալ` նախքան զայն ձրիօրէն ստանալը»:
Կը կարծեմ, թէ գէ՛թ այս խօսքը կը պատկանի Սամուէլ Ճոնսընի:
Ինչպէ՞ս Եղափոխուած Է Վարկը
Տեսութիւն մը կ՛ըսէ, թէ վարկը եղափոխուած է իբրեւ մէկ մասը հոգեբանական այն յարմարումներուն, որոնք նպաստած են մշակութային գիտելիքներու ձեռքբերումին:
Ինչպէս այլ ստնաւորներու պարագային` ընկերային գլխաւոր դիրք մը միայն ֆիզիքական ուժով եւ տիրական ներկայութեամբ հաստատելու փոխարէն, վարկը առիթ կու տայ, որ տարբեր կարողութիւններ գնահատուին:
Հետեւաբար, անցեալին գերադաս կարողութեան եւ գիտութեան տէր անձեր, ինչպէս` բոյսեր հաւաքողներ կամ բուժակներ, ամէնէն կատաղի ռազմիկներուն հաւասար բարձր համարումի կ՛արժանանային:
Նման անձերու որոշ չափի վարկ շնորհելով, ինչպէս նաեւ անոնց կարողութիւններէն բան մը սորվելով կամ օգտուելով` անհատներուն եւ խմբաւորումներուն գոյատեւումի կարելիութիւնները կը բազմանային:
Ի՞նչ Է Եղափոխական Հոգեբանութիւնը
Չարլզ Տարուինի մտածողութենէն ներշնչուած` անոր բնական ընտրութեան տեսութեան կիրարկումը մարդկային ուղեղին վրայ եւ անոր մարդուն ի նպաստ եղափոխութեան ուսումնասիրութիւնը:
Այս դիտանկիւնէն` մարդկային վարուելակերպի եւ փորձառութեան բարդ երեւոյթներ, ինչպէս` լեզու, յիշողութիւն եւ գիտակցութիւն եղափոխուած են, որպէսզի մարդը յարմարի:
Այս կամ այն ձեւով այս երեւոյթները նպաստած են մարդկային ցեղին գոյատեւումին:
Օրինակ` մարդկային ուղեղին չափը մեծցած է եղափոխուելով, ի հակազդեցութիւն ընկերային կազմակերպումի բարդ կառոյցին:
Անոնք, որոնք կարողութիւնը ունէին իրենց սեփական կարիքներուն համար օգտագործելու ուրիշները, աւելի մեծ հաւանականութիւն ունէին գոյատեւելու, հետեւաբար բնական այս ընտրութեան իբրեւ արդիւնք` մարդուն ուղեղը եղափոխուած եւ մեծցած է:





