Ներողութիւն, Յորդոր, Հարցումներ

Հ. Փ.

«Կա՞յ մէկը, որ լսած է «Ջաւախք» բառը:

Այդ հարցումով սկիզբ կ՛առնէր Ջաւախքի եւ ջաւախահայութեան հարցերը ներկայացնող ամփոփ եւ ընդհանուր ներկայացումը, որ կրթական տարեշրջանի աւարտին մատուցուեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդական բաժիններու աշակերտներուն,  Զաւարեան ուսանողական միութեան կողմէ:

«Կա՞յ մէկը, որ լսած է «Ջաւախք» բառը:

Եւ միշտ ալ պատասխանը յստակօրէն ժխտական էր, ու հաւատացէք, թէ` անկեղծ նաեւ:

Ջաւախքի մասին մեր գաղութի անգիտութիւնը հաստատող այլ փաստ մըն էր զեկոյցներէն ետք մօտեցող որոշ ուսուցիչ-պատասխանատուներու դարձեալ անկեղծ «նորութիւն մըն էր»-ը: Անկեղծ, բայց նաեւ` արդարացիօրէն մտահոգիչ:

Մտահոգիչ չէ՞ միթէ պատմականօրէն հայ սփիւռքի կրթական-մշակութային-քաղաքական սիրտերէն մէկը համարուող մեր գաղութին պարզած այս իրականութիւնը, թէ` անգիտութիւն, անհոգութիւն եւ անգործութիւն միայն կարելի է տեսնել Ջաւախքի հարցին առնչութեամբ:

Մենք մեզ չխաբենք. վերջին տարուան ընթացքին կատարուած Ջաւախքի նուիրուած մէկ ժողովրդային ձեռնարկը (խոցելի՛ ներկայութեամբ, որ ինքնին նաեւ փաստ է գաղութին մէջ Ջաւախքի դատի բացակայութեան), կամ վերջերս լոյս տեսած Ջաւախքի թեմայով «Վազրիկը», այո՛ կրնան յուսատու ըլլալ որպէս սկիզբ, որպէս նախաձեռնութիւններ, բայց երբեք բաւարար չեն: Բայց վարէն եկող նախաձեռնութիւնները կը մնան սահմանափակ եւ տկար, եթէ անոնք լիարժէքօրէն չորդեգրուին հոնկէ, ուրկէ կարելի է որեւէ մղում, առաջարկ կամ կամեցողութիւն համակարգել, վերածել քաղաքականութեան ու այնպէս մը գործնականացնել, որ ան ունենայ ամբողջական արդիւնք: Անկեղծ ըլլանք եւ ըսենք, թէ Ջաւախքի հարցը գաղութին մէջ բարձրացնելու փորձ-առաջարկները տակաւին չեն յաջողած իրենց ազդեցութիւնը ունենալ իրենց անմիջական գօտիէն անդին, այսինքն չեն կրցած Ջաւախքի հարցը փոխադրել աւելի լուրջ մակարդակի, գաղութայի՛ն մակարդակի, քանի որ գաղութին մէջ որեւէ ազգային քաղաքականութիւն շարժի դնելու հաւանական կարողութիւնը ունեցող հասցէները փաստօրէն մնացած են անզգայ` այդ փորձ-առաջարկներուն եւ… Ջաւախքի կանչին: Աւելի՛ն. Ջաւախքի դատը ոչ միայն վերէն չի համակարգուիր ու չ’որդեգրուիր, այլեւ արձանագրենք, որ զայն գաղութին մէջ տարածելու եւ քարոզելու միտող վարէն եկող ամէնէն պարզ, դասական, «անմեղ» առաջարկ-նախաձեռնութիւնները նոյնիսկ, ինչպէս, օրինակ, հանրային լսարան կամ դասախօսութիւն, երբեմն կ՛անտեսուի՛ն եւ կը նետուին դարակները:

Ինչպէ՞ս լաւատես ըլլալ տակաւին…

Ոչ միայն բարձր մակարդակի նախաձեռնութեան պակաս, այլ երբեմն նաեւ` աւելի ցած մակարդակի նախաձեռնութիւններու արգելակում:

Ուրեմն իրադրութիւններու այս կացութիւնը եթէ մնայ անփոփոխ, Ջաւախքի դատը մեր գաղութին մէջ կը թուի պահել իր լուսանցքայնացած կարգավիճակը:

Մինչդեռ Ջաւախքը այսօ՛ր ապրող եւ ամէ՛ն օր ապրող հարց է. բաց վէրք մըն է մեր ազգային իրականութեան մէջ: Իսկապէս, կարիքը կա՞յ բացատրելու… Կարիքը կա՞յ յիշեցնելու, թէ Ջաւախքը ներկայի անկախ Հայաստանէն դուրս մնացող միակ տակաւին հայաբնակ հայկական հողամասն է, որ սակայն կը փորձեն պարպել հայութենէ: Կարիքը կա՞յ յիշեցնելու, թէ` ջաւախահայերը ամէն օր ենթակայ են ազգային խտրականութեան, հալածանքներու, անարդարութիւններու, թէ` ջաւախքահայութիւնը ոչ միայն զրկուած է իր հայրենատիրութեան իրաւունքէն, այլ նոյնի՛սկ` ազգային փոքրամասնութեան մը իրաւունքներէն:

Ի՞նչ է, համոզուած ենք, որ ոչի՞նչ կրնանք ընել, որ մեր գործը չէ՞, թէ` մեր ձեռքէն բան չի՞ գար: Եթէ չենք հաւատար, որ կարելի է հանգանակութիւն կատարել, որ կարելի է մշակութային թէ ընկերային օգնութիւն հասցնել, որ կարելի է յարմար քաղաքական պայմաններու մէջ քարոզչական գործ տանիլ, ստորագրահաւաքներ թէ ցոյցեր կազմակերպել, եթէ չենք հաւատար, որ կարելի է որեւէ ձեւական աքթով առնուազն բարոյապէ՛ս ջաւախահայութեան նեցուկ կանգնիլ, ապա Ջաւախքի հարցը մենք մեզի՛, մենք մեր գաղութի՛ն ծանօթացնելու անհրաժեշտութեա՞ն ալ չենք հաւատար: Ինչպէ՞ս պիտի յաջողին վերոյիշեալ բոլոր ձեռնարկները, թէկո՛ւզ հինգ-տասը տարի ետք, ինչպէ՞ս պիտի գոյանայ այդպիսի նախաձեռնութիւններու ոգին, եթէ «Կա՞յ մէկը, որ լսած է «Ջաւախք» բառը» հարցումին վերը ներկայացուած ամօթալի արդիւնքը ձեռք կը ձգենք այսօր: Եթէ այսօ՛ր չունինք Ջաւախքին հասնելու միջոցներ գտնելու հնարամտութիւնը, ապա առնուազն տե-ղե-կա-ցը-նենք գալիք սերունդները, թերեւս անոնք վաղը կ՛ունենա՛ն այդ հնարամտութիւնը…

Հարցին այլ ակնոցով մօտենանք. ինչպէ՞ս կարելի է փախցնել երիտասարդութիւն եւ գաղութ քաղաքականապէս դաստիարակելու, յեղափոխականացնելու, պահանջատէր դարձնելու այսպիսի «առիթ»: Դատ, որ այսօ՛ր կ՛ապրի: Մարդկային անարդարութիւն, որ այսօ՛ր տեղի կ՛ունենայ: Կորուստ, որ այսօ՛ր հետզհետէ կը յառաջանայ: Ահա՛ մեր գաղափարախօսութիւնը բացատրելու, հասկցնելու, ապրեցնելու՛ կենդանի օրինակ: Թէ՞ մենք գոհ ենք մեր սերունդներու ազգային-քաղաքական դաստիարակութեամբ եւ աշխուժութեամբ: Բաւարարուա՞ծ ենք թրքական տուրմի մերժումի «քաղաքականութեամբ», «պայքարով»: Չե՞նք տեսներ, որ թրքական գործարքները աւելի լուրջ եւ իրական աւերներ կը գործեն նոյնինքն Ջաւախքի հաշուոյն: Ետքը չզարմանանք. ապաքաղաքականացած, իսկական պայքարէ զուրկ երիտասարդութեան մէջ բնակա՛ն է, որ տարածուի հայհոյանքի, դատարկ ճառախօսութեան, գաղափարական դատարկութեան սնութեան ու անպտուղ ծայրայեղութեան քաղաքական «մշակոյթ»-ը: Գոհ ենք, կը փայլինք, չէ՞: Կ՛երեւի` գաղութին մէջ շա՛տ ծանր է ազգային բեռը, Ջաւախքը աւելցնելու տեղ չկայ…

Եզրափակենք:

Այս սլաքը կը միտի`

Ա. Ամօթի զգացումով ներողութիւն խնդրել Ջաւախքէն եւ ջաւախահայութենէն գաղութիս անունով:

Բ. Յորդորել բոլորը` տնօրէն, ուսուցիչ, վարչական, վարիչ, խմբապետ, աշակերտ, սկաուտ, միութենական, ոեւէ անհատ, իր անձնական միջոցներով փորձել «վարէն» շրջել Ջաւախքի հանդէպ անընդունելի անտարբերութեան այս ընթացքը, սկսելով ցայժմ չիրագործուող նուազագոյնէն` Ջաւախքի Դատի ծանօթացումէն, ուսուցումէն եւ քարոզչութենէն:

Գ. Հարց տալ.

Գո՞հ ենք «Սփիւռքահայութեան սիրտ»-ի ազգային-քաղաքական վիճակէն:

Նախքան ուշ ըլլալը` այս ընթացքը իր վերջը պիտի գտնէ՞:

Այս ընթացքին վերջ պիտի տրուի՞:

 

 

Share this Article
CATEGORIES