ԹՈՒՐՔ ԴԱՏԱՒՈՐ ՄԸ ՊԻՏԻ ԴԱՏԷ «ԹՈՒՐՔԵՐԷՆ ՎՐԷԺ ԼՈՒԾԱԾ» ՌԱԹՔՕ ՄԼԱՏԻՉԸ

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թուրք դատաւոր մը պիտի դատէ պոսնիացի սերպ հրամանատար Ռաթքօ Մլատիչը: Թուրք դատաւոր Մեհմետ Կիւնայ կը պաշտօնավարէ Լա Հէյի Միջազգային քրէական դատարանին մէջ եւ այժմ կը վարէ դատարանի նախագահի պաշտօնը, որովհետեւ այդ պաշտօնը վարող ճամայքացի Փաթրիք Ռոհինսըն Լա Հէյէն կը բացակայի: Օրաթերթը կը յիշեցնէ տարիներ առաջ Սրեպրենիցայի դէպքերէն ետք Ռաթքօ Մլատիչի կատարած յայտարարութիւնը. «Ասիկա իմ նուէրս է սերպ ժողովուրդին: Մենք վրէժ լուծեցինք 14-րդ դարուն սկսած եւ 5 դար շարունակուած թրքական գերիշխանութեան համար»:

Ցեղասպանութեան յանցանքով ամբաստանուած պոսնիացի սերպ հրամանատար Ռաթքօ Մլատիչ չորս տարի թաքնուած մնալէ ետք, հինգշաբթի օր Սերպիոյ մէջ ձերբակալուեցաւ: Անոր ձերբակալութիւնը Սերպիոյ դիմաց Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ճամբան կը հարթէ:

Մլատիչ ամբաստանուած է 1992-1995 Պոսնիոյ պատերազմին ժամանակ Սարայեւոյի 43-ամսեայ պաշարման ընթացքին Սրեպրենիցա քաղաքին մէջ 8 հազար այր մարդիկ եւ պատանիներ ջարդելու համար:

Սերպիոյ նախագահ Պորիս Թատիչ Պելկրատի մէջ լրագրողներու յայտնեց, որ «յանուն Սերպիոյ Հանրապետութեան կրնամ Ռաթքօ Մլատիչի ձերբակալումը յայտարարել: Արտայանձնման հոլովոյթը ընթացքի մէջ է»: Ան աւելցուց, որ «ասիկա Սերպիոյ ուսերէն ծանր բեռ մը կը վերցնէ, եւ մեր ցաւալի պատմութեան էջը կը փակէ»:

69-ամեայ Մլատիչ ձերբակալուած է Պելկրատէն 100 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Լազարեւօ գիւղին մէջ: Ան բազմաթիւ սերպերու կողմէ հերոս կը նկատուի:

Share this Article
CATEGORIES