ԵՄԷՆԻ ՄԷՋ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ ՄԱԳԼՑՈՒՄ Կ՛ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՆ

Եմէնի մէջ կացութեան մագլցումով մը` Եմէնի օդուժին պատկանող ռմբաձիգներ երէկ ռմբակոծեցին Նախագահական պահակագունդին մայրաքաղաք Սանաայէն 100 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող մէկ զօրանոցը, որ գրաւուած էր ցեղախումբերու անդամ զինեալներու կողմէ:

Ցեղապետ շէյխ Համատ Ասեմ յայտնեց, որ իր ցեղախումբի զինեալները սպաննած են զօրանոցի հրամանատարը եւ բազմաթիւ զինուորներ վիրաւորած, իսկ իր զինեալներուն շարքին 6 զոհ արձանագրուած է:

Այս բախումը տեղի կ՛ունենար, մինչ Սանաայի մէջ Հաշետ ցեղախումբի զինեալներուն եւ եմէնեան ուժերուն միջեւ բախումները, որոնք 80 զոհ պատճառած են, կը շարունակուին:

Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի ընդդիմադիր, Եմէնի հիւսիսարեւմտեան շրջանի եւ հրասայլային առաջին զօրամասի հրամանատար գնդ. Ալի Մուհսեն Ահմար նախագահ Սալեհը ամբաստանեց զինեալ եւ ապահովական ուժերը քանդելու եւ զանոնք Եմէնի տարբեր շրջաններու մէջ ապարդիւն եւ ոճրային պատերազմի ուղղել փորձելու յանցանքով:

Ան Արաբական ծոցի երկիրներուն, Միացեալ Նահանգներուն, Եւրոպական Միութեան,

ՄԱԿ-ին եւ Եմէնի ապահովութեան ու կայունութեան նախանձախնդիր բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` իր ժողովուրդին նկատմամբ Սալեհի ոճիրներուն ի տես լուռ չմնալու: Ան դատապարտեց շէյխ Սատեք Ահմարի բնակարանին մէջ հաւաքուած միջնորդութիւն կատարող յանձնախումբին դէմ Սալեհի կատարած յարձակումը:

Share this Article
CATEGORIES