ՌՈՒՍԻԱ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՀԵՌԱՑՄԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ՄԻՋՆՈՐԴԵԼՈՒ

Օպամա եւ Սարքոզի

Ռուսական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիպքով «Մեծ ութնեակ»ի վեհաժողովին ծիրին մէջ լրագրողներուն յայտնած է, որ Քազզաֆի իբրեւ Լիպիոյ ղեկավար սպառած է իր օրինականութիւնը: «Կը հաւատանք, որ Քազզաֆի ինքզինք զրկեց իբրեւ Լիպիոյ ղեկավար իր օրինականութենէն, եւ պէտք է իրեն օժանդակել հեռանալու», ըսած է ան`  աւելցնելով, որ Ռուսիա պատրաստ է այդպիսի պատգամներ փոխանցելու լիպիական կողմին: «Անհրաժեշտ է Քազզաֆիին` պաշտօնէն հեռանալու համար տարազ մը գտնել, եւ այդպիսի քայլ մը պիտի նպաստէ այլ հարցերու լուծման», նշած է Ռիպքով:

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յայտնեց, որ Քազզաֆիի մօտ միջնորդութիւն կատարելը այլեւս ապարդիւն հարցի մը վերածուած է: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեց, որ ինք եւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի համամիտ են, որ Լիպիոյ տագնապին միակ ընդունելի լուծումը Քազզաֆիին հեռացումն է: «Մենք համամիտ գտնուեցանք, որ Լիպիոյ մեր արշաւին մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրած ենք, սակայն քաղաքային բնակչութիւնը պաշտպանելու ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը կարելի չէ ամբողջացնել, երբ Քազզաֆի Լիպիոյ մէջ կը մնայ` ղեկավարելով լիպիացի ժողովուրդին դէմ իր ուժերուն բռնարարքները», ըսաւ ան: «Մենք հաւասարապէս վճռակամ ենք պարտականութիւնը աւարտելու», յայտնեց Օպամա:

Share this Article
CATEGORIES