ԸՍՏ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈՉ ՄԷԿ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ ՑՈՒՑԱՐԱՐԻ ԴԷՄ ՊԵՏԱԿԱՆ ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄԻ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔ ՊԻՏԻ ԱՌԱՋԱԴՐՈՒԻ
Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ Թիֆլիսի մէջ բողոքի ցոյցը ցրուելու ընթացքին ձերբակալուած ցուցարարներէն ոչ ոքի դէմ պետական յեղաշրջում կատարելու մեղադրանք պիտի առաջադրուի: Ներքին գործոց նախարարութիւնը կտրուկ կերպով կը հերքէ այդ մասին տարածուած տեղեկութիւնները:
Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ «անոնց մեծ մասը ձերբակալուած է ոստիկանութեան դիմադրութիւն ցոյց տալու, խուլիկանութեան, ինչպէս նաեւ այլ թեթեւ յանցագործութիւններ կատարելու համար»:
Վրացական ոստիկանութիւնը 26 մայիսի գիշերը Թիֆլիսի մէջ ցոյց մը ցրուելու ընթացքին շուրջ 90 ցուցարարներ ձերբակալած էր:
CATEGORIES Միջազգային