ԼԻՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿՌԻՒՆԵՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՆԵՄԵՍԻՍԻ ՊԱՐՏԱԴՐԱՆՔԸ` ՄԱՅԻՍ 28-Ի ԱՅԺՄԷԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ

Մայիս ամիսը կը բացուի Շուշիի ազատագրումով եւ կը փակուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտումով: Միեւնոյն ամսուան մէջ տեղաւորուած թուականներու պարզ նշումի մասին չէ խօսքը: Երկու յաղթանակներուն կամ պետականակերտ պատմական ճակատագրորոշ արարքներուն մէջ կայ համազգային խորհուրդ: Ազգի գոյութեան շարունակականութիւնը ապահովելու, համաժողովրդային տարողութեամբ ծառանալու, փրկուելու եւ փրկելու վերջին ճակատամարտը մղելու անտեղիտալիութեան խորհուրդը, որ առանցքն է երկու յաղթանակներուն:

Այդպէս էին օրերը 93 տարի առաջ, երբ Հայոց ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի ետք, միեւնոյն ցեղասպանը կը սպառնար այս անգամ բնաջնջել հայութեան արեւելահայ մնացորդացը: Հայրենիքի անկախութենէն եւ պետութիւն կերտելէն առաջ ուրեմն ազգի գոյութեան շարունակականութիւնը ապահովելու մահ ու կենաց կռիւ էր Մայիս 28-ը: Մնացեալը` անկախութեան հռչակում, պետութեան հաստատում, հանրապետութեան կայացում, բանակի կազմութիւն, լուսաւորութեան տարածում, պարզապէս հետեւանքներն են լինելութեան կռիւէն յաղթական դուրս գալուն: Եթէ չըլլար Սարդարապատը, չէին ըլլար առաջին, երկրորդ, երրորդ հանրապետութիւնները: Չէին ըլլար Շուշին ու Արցախի անկախ հանրապետութիւնը:

Մայիս 28-ը ուրեմն, ամէն բանէ առաջ, պէտք է դիտարկել ազգի լինելութեան պատմակերտ արարքին պարունակին մէջ եւ գնահատական տալ համազգային փրկութիւնը յաջողցուցած ըլլալու իր առաքելութիւնը լոյսին բերելով: Մարդկային պատմութեան մէջ հայու տեսակը փրկելու խորհուրդը կը պարփակէ այս ՄԵԾ ՏՕՆը իր մէջ:

Պէտք է շարունակել խորհուրդի փակագիծերը բանալու աշխատանքը` գիտակցելու համար, որ ցեղասպանեալ ժողովուրդը յաղթանակէն ետք ապրելու, արարելու, ստեղծագործելու եւ մարդկա՛յին պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղը գրաւելու համար ինչ տեսակ կամք դրսեւորած է, որ յաջողած է աւերակներուն մէջէն ինքնակազմակերպուիլ եւ անկախ պետութիւն հռչակել:

Անկախ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ էր, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կ՛որոշէր պատժել Հայոց ցեղասպանութիւնը որոշած եւ գործադրել տուած թուրք պատասխանատուները: «Նեմեսիս»ը սոսկ պատժական գործողութիւններու շարք չէր` իրաւամբ վրէժխնդրական շարժառիթներէ մեկնած: Անիկա ամբողջ հայութեան բարոյահոգեբանական իրավիճակի բարձրացումը առաջադրող արարք էր, որ հսկայական նշանակութիւն ունեցաւ մեր հետագայ պատմութեան վրայ: Գոյութեան փրկութիւն, անկախութեան հռչակում, պետութեան կերտում եւ հայութեան բարոյահոգեբանական իրավիճակի բարձրացում` հետագայ համազգային երթին աւելի հաստատ քայլերով դէպի հայրենակերտում ընթանալու համար: Մեր գոյութիւնը առհասարակ խնդրոյ առարկայ պիտի ըլլար, եթէ Մայիս 28-ի կռիւներէն յաղթական դուրս չգայինք: Մեր ժամանակակից պատմութիւնը ամբողջ դէպի անորոշութիւն պիտի ընթանար, եթէ առաջին հանրապետութիւնը չկերտուէր եւ մեր ազգային հաւաքական նկարագիրը տժգունած պիտի մնար, եթէ «Նեմեսիս»ը չիրականանար:

Ժամանակակից իրադարձութիւններու հերթական ճակատագրական հանգրուանին հայութիւնը իր հայեացքները պէտք է ուղղէ դէպի արամներու կերտած Հայաստանի Հանրապետութիւնը` այնտեղ տեսնելու համար հաւաքական կամքը, աշխարհի երեսէն չանհետանալու անտեղիտալի կեցուածքը եւ թշնամիին հետ ի՛ր հասկցած լեզուով խօսելու հրամայականին նկատմամբ ցոյց տրուած յանձնառութիւնը:

Հայկական կեանքը մնայունօրէն իր հայեացքները դէպի առաջին հանրապետութիւնը սեւեռած պահելու բոլոր պատճառները ունի: Ամէնէն այժմէական իմաստներով:

 

Share this Article
CATEGORIES