Վրաստանի Խորհրդարանը Կ՛արգիլէ Արտասահմանցիներուն Հողատարածք Վաճառելը
Lenta.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի խորհրդարանը 28 յունիսին 3-րդ ընթերցումով վաւերացուցած է օրինագիծ մը, որ մինչեւ 2014-ի վերջը կ՛արգիլէ գիւղատնտեսական հողատարածքները արտասահմանցիներուն վաճառելը:
Օրինագիծը, որ ուժի մէջ պիտի մտնէ նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի կողմէ ստորագրուելէ ետք, կը դադրեցնէ գործադրութիւնը այլ որոշումի մը, որ կ՛արտօնէր արտասահմանցի ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձերուն ձեռք ձգել գիւղատնտեսական հողատարածքներ: Նոր փաստաթուղթը չի վերաբերիր այն հողերուն, որոնք արդէն կը գտնուին օտարերկրացիներու սեփականութեան տակ:
Ինչպէս նշած է հողագործութեան հարցերով խորհրդարանական կոմիտէի նախագահ Կիկլա Ակուլաշվիլին` օրինագիծին հեղինակները կը նախատեսէին արգելք ճշդել մինչեւ 2017: Ըստ անոր, 2014-ի վերջը առաւելագոյն ժամկէտն է: Գիւղատնտեսական հողատարածքներու հետ կապուած հարցերը աւելի կանուխ լուծելու պարագային, արգելքը կրնայ ժամանակէն շուտ չեղեալ նկատուիլ:

