«Իրան Շրջանին Մէջ Չափաւորական Ընթացք Որդեգրելով Պէտք Է Պատմական Երկխօսութիւն Ծաւալէ» Ըսաւ Ռուհանի

Հասան Ռուհանի

Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց, որ «նկատի ունենալով, որ շրջանի մեծագոյն երկիրն է, Իրան շրջանին մէջ պատմական երկխօսութիւն պէտք է ծաւալէ` որդեգրելով չափաւորական ընթացք»` նշելով, որ «ուրիշներու հետ երկխօսութիւնը պէտք է հաւասարութեան մտայնութեամբ ըլլայ` հիմնուած փոխադարձ յարգանքի եւ շահերու վրայ»:

Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան` ան ըսաւ, որ իրանեան հասարակութեան բոլոր հատուածները մասնակից դարձան «Իրանի մէջ արձանագրուած դիւցազներգութեան», եւ այդ մէկը յաղթանակի ցուցանիշ մըն է եւ կու գայ աւելնալու Իրանի պատմութեան վրայ` «ստեղծելու համար այս ամբողջ վեհութիւնը»:

«Վերջին ընտրութիւնները վերացուցին բոլոր կասկածներն ու տարաձայնութիւնները` մասնաւորաբար վարչակարգի օրինականութեան մասին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «մենք այս շրջանին մէջ առաջինն էինք, որ ընտրութիւններ կատարեցինք, եւ վերջին ընտրութիւնները մեզի բազմաթիւ դասեր ու պատգամներ տուին, եւ ժողովուրդը ատոր միջոցով փոփոխութիւն եւ շրջադարձ կատարելու իր փափաքը արտայայտեց»:

Իրանի նախագահը յայտնեց, որ յառաջիկայ կառավարութիւնը պէտք է մեծամասնութեամբ իրանցի ժողովուրդին պատկանի եւ աշխատանք տանի չափաւորութեան ծիրին մէջ ու հեռու մնայ ծայրայեղականութենէն: Ան նշեց, որ այս ընտրութիւններուն ժողովուրդին պատգամը խաղաղութիւնը, հաշտութիւնը, ազգային միութիւնն ու ազգային ներդաշնակութիւնն է:

Ռուհանի ըսաւ, որ նոր կառավարութիւնը իր ընտրական խոստումները յարգելու պարտականութիւնը պիտի ունենայ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )