Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-Ի Իսրայէլացի Պաշտօնատարներ Շէյխ Թամիմի Հետ Հանդիպումներ Ունեցած Են, Եւ Իսրայէլ Քաթարի Մէջ Իշխանափոխութենէն Նախօրօք Տեղեակ Էր
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քաթարի մէջ իշխանութեան փոխանցումէն առաջ երկրի նոր իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի եւ իսրայէլացի պատուիրակներու միջեւ Քաթարի եւ արտասահմանի մէջ գաղտնի հանդիպումներ տեղի ունեցած են` աւելցնելով, որ «ամերիկացիները վստահ եղան, որ «իսլամութեան մարտական ոգին» իշխանութեան փոխանցման պատճառով Քաթար մուտք պիտի չգործէ, ինչ որ փոխանցման գործողութիւնը դիւրացուցած է:
Տոհայի մէջ քաղաքական բարձրաստիճան խորհրդական մը օրաթերթին յայտնած է, որ «Միացեալ Նահանգներու կողքին Իսրայէլ եւս նախօրօք տեղեակ էր Քաթարի մէջ իշխանութեան փոխանցումէն»: Քաթարցի պաշտօնատար մը, որ, ըստ օրաթերթին, նախկին իշխան շէյխ Համատին շատ մօտիկ է, յայտնած է, որ իսրայէլեան մասնագիտական եւ վարկ վայելող կազմակերպութեան մը նախագահը աւելի քան մէկ անգամ հանդիպում ունեցած է նոր իշխանին հետ:
Ան նշած է, որ շէյխ Համատ հինգ ամիս առաջ գաղտնաբար արեւմտեան տարբեր կողմերու յայտնած է իշխանութիւնը փոխանցելու գաղտնիքը, որուն զուգահեռ իր հօրեղբօրորդին եւ խորհրդականը կը հեռացուին:
Քաթարական պալատի խորհրդականներէն մէկը «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ին յայտնած է, որ շէյխ Համատ իշխանութենէն պիտի չհրաժարէր, եթէ որոշումը միայն իր ձեռքը ըլլար, այլ առնուազն երկուքէն երեք տարի եւս իշխանութեան վրայ կը մնար եւ գահաժառանգը կը պատրաստէր իշխանութիւնը ստանձնելու: