Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ Ապրայի միջադէպերուն գծով, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը ուշացած է այդ միջադէպերուն արմատական վերջ մը դնելու առումով բանակին հրահանգներ տալու:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ Դիմադրութիւնն ու անոր համակիրները կարելի չէ սադրանքներու եւ գրգռութիւններու մէջ ներքաշել:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Ապրայի մէջ թափած արեան իւրաքանչիւր կաթիլի պատասխանատու է Մուսթաքպալ հոսանքը` իր հրահրած համայնքային եւ յարանուանական գրգռութիւններուն պատճառով: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը երկիրը փրկած է հսկայ սադրանքէ մը, որ Սայտայէն կրնար սկիզբ առնել եւ տարածուիլ ամբողջ Լիբանանի տարածքին:
ՍԱԼԱՖԱԿԱՆ շարժումի ղեկավարներէն իսլամ քարոզիչ Օմար Պաքրի Ֆըսթոք շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը երաշխիք մը կարելի չէ նկատել, որովհետեւ անիկա իսլամական բանակ չէ եւ Աստուծոյ օրէնքը չի գործադրեր:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը յայտնեց, որ ինք պիտի չմասնակցի երկուշաբթի օրուան խորհրդարանի լիագումարին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Հասան Մնայմնէ յայտնեց, որ սիւննի համայնքը չափաւորականութեան համայնքն է եւ անոր մէջ ծայրայեղականները հազուագիւտ են: Մնայմնէ աւելցուց, որ Հըզպալլա իր մեծամտութեամբ կը խոչընդոտէ կառավարութեան կազմութեան կարելիութիւնը:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը պէտք է վերջ տայ Սայտայի մէջ Դիմադրութեան ստեղծած զինեալ երեւոյթներուն:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի այցելեց ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Պաարինի յայտնեց, որ անհրաժեշտ է ամրապնդել ընդհանուր ապահովութեան կեդրոնները, յատկապէս լիբանանեան սահմանամերձ շրջաններուն մէջ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ շաբաթավերջին անկախ երեսփոխաններուն անունով կատարած իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն երկուշաբթի օրուան խորհրդարանի լիագումար նիստին օրակարգը` աւելցնելով, որ պէտք է օրակարգին վրայ նկատի առնուած անկարեւոր կէտերը զեղչել:
ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մուսթաֆա Համտան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը պէտք է իր հակակշիռին տակ առնէ ահաբեկչական որեւէ գործողութիւն:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժեր կ՛ուղղուին խորհրդարանի լիագումար նիստը ջնջելու:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իր կուսակցութեան պատասխանատուները զգուշացուց Լեռնալիբանանի մէջ ապահովական հաւանական միջադէպերէ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի քաղաքական խորհրդական Մոհամետ Շաթահ շեշտեց, որ Հըզպալլա Լիբանանի վերաբերող ճակատագրական որոշումները տալու հոլովոյթին մէջ մենաշնորհեալ կեցուածք կ՛որդեգրէ եւ այդպիսով կը սպառնայ լիբանանեան գոյացութեան:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կը փափաքի արաբական բոլոր երկիրները քայքայել եւ ոչ միայն Լիբանանը:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի անդամներ քրիստոնեայ կեղծ ինքնութիւն ստացած են` Ծոցի երկիրներուն մէջ ներդրումներ կատարելու նպատակով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ուիլիըմ Պըրնզի Լիբանան կատարած այցելութեան նպատակն է զօրակցիլ հանրապետութեան նախագահին եւ անոր դերակատարութեան:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի յայտնեց, որ հակառակորդ քաղաքական ուժերը գրեթէ բոլոր հարցերուն միջամուխ կ՛ըլլան` համայնքային խտրութիւն կատարելով, նոյնիսկ եթէ անիկա երկրին սահմանադրութեան հաշուոյն ըլլայ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ լիբանանցիներուն 80 առ հարիւրը, որոնք կը պատկանին Լիբանանը բաղկացնող բոլոր համայնքներուն, կը փափաքին քաղաքակրթութեամբ ապրիլ եւ Լիբանանը ամրապնդել` վերջ տալով զէնքի եւ խուլիկանութեան խորհրդանիշներուն:
ՆԱԽԿԻՆ Նախարար Իպրահիմ Նաժժար յայտնեց, որ անհրաժեշտ է ամէնէն արագ միջոցին կազմել Լիբանանի կառավարութիւնը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ ոմանք կը փորձեն իրենց համախմբումին իրաւունքները շրջանցել` ընդգծելով, որ նման քայլեր խստիւ մերժելի են:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար Տորի Շամուն շեշտեց, որ Հըզպալլա Սայտայի մէջ սադրանքներ նախապատրաստած է եւ մասնակցած Ապրայի զինեալ բախումներուն:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Լիբանան նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հաւասարակշռուածութեան կարիքը ունի` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:
ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու կոչ ուղղեց բանակի հրամանատարութեան ազատ արձակելու Սայտայի դէպքերուն առիթով ձերբակալուած ոչ յանցագործ քաղաքացիները:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը վերստին հրաւիրած է այցելելու Ռիատ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ հակառակ հրաժարած ըլլալու իրականութեան, կառավարութիւնը պէտք է շարունակէ իր ընթացիկ աշխատանքները:

