Ապահովական Կայունութեան Խախտում` Թրիփոլիի Մէջ

Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Թրիփոլիի, յատկապէս Պաքքարի շրջանին մէջ լսուեցան կրակոցներ:

Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի միջեւ զինեալ բախումներ արձանագրուեցան, ինչպէս նաեւ ռումբեր ու ձեռնառումբեր նետուեցան:

Աւելի ուշ, վերսկսաւ նաեւ արձակազինութիւնը, որուն պատճառով Ժապալ Մըհսենի մէջ վիրաւորուեցաւ Մոհամետ Ապըտ Իպրահիմ անունով քաղաքացի մը:

Լիբանանեան բանակը միջամտեց ստեղծուած այս կացութեան եւ կրցաւ շուտով իր հակակշիռը պարտադրել:

Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ գուժեց իր զինուորներէն Ուալիտ Ռաաֆաթ Ալամէտտին Օպէյտի մահը. ան ծանրօրէն վիրաւորուած էր Թրիփոլիի կայունութեան հսկողութեան պահուն եւ երէկ առաւօտեան մահացած:

 

Share this Article
CATEGORIES