Շէյխ Նայիմ Քասեմ Կոչ Կ՛ուղղէ Կազմելու Ազգային Միասնականութեան Կառավարութիւն Մը

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Դիմադրութեան եւ լիբանանեան բանակին դէմ գրգռութիւններու հրահրումը եւ սադրանքներու նախապատրաստութիւնը Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ կատարուած է ու հարուածած երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ Սայտայի մէջ բռնկեցուցած արիւնալի բախումներ:

Քասեմ կոչ ուղղեց կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որ կը գործէ ի խնդիր Լիբանանի բարգաւաճման եւ երկրին քաղաքացիական անվտանգութեան ամրապնդման` հիմնուելով «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» եռեակ տարազին վրայ:

Միւս կողմէ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ յայտնեց, որ իրենք յանձնառու են երկրին քաղաքացիական անվտանգութեան եւ լիբանանեան հասարակութիւնը կազմող տարբեր շերտերուն միջեւ երկխօսութեան:

«Ով որ կը հաւատայ, որ Լիբանանի ազատութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը կարելի է պահպանել առանց բանակին, ժողովուրդին եւ Դիմադրութեան, վերացական աշխարհի մէջ է», շեշտեց Ռաատ:

Ռաատ նաեւ ընդգծեց, որ Դիմադրութեան զէնքին մասին բողոքներուն պէտք է վերջ տրուի, որովհետեւ անիկա քննարկումի նիւթ ըլլալէ դադրած է:

Share this Article
CATEGORIES