Պըրնզ Հանդիպումներ Ունեցաւ Սինիորայի Եւ Ժոմպլաթի Հետ

Սինիորա – Պըրնզ հանդիպումէն պահ մը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարարի օգնական Ուիլիըմ Պըրնզ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան:

Դիմաւորուելէ ետք Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի կողմէ` Պըրնզ Քոնելլիի ընկերակցութեամբ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն ուղղուեցաւ Քլեմանսօ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան հանրօգուտ շինութեանց եւ ընկերային հարցերու նախարարներու պաշտօնակատարներ Ղազի Արիտի եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ինչպէս նաեւ Թայմուր Ժոմպլաթ:

Հանդիպումէն ետք Պըրնզ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Պըրնզ այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի քաղաքական խորհրդական Մոհամետ Շաթահ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )