«Խորհրդարանը Արտակարգ Նստաշրջանի Մը Մէջ Կը Գտնուի` Պահպանելով Իր Բոլոր Իրաւասութիւնները» Շեշտեց Պըրրի

Պըրրի` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթ օր Այն Թինէի մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ խորհրդարանի լիագումար նիստին հակասահմանադրական ըլլալուն մասին կարգ մը երեսփոխաններէ եւ օրէնսգէտերէ լսած է ցաւալի յայտարարութիւններ:

«Կարծէք խորհրդարանի նիստին կայացումը ուղղակիօրէն կը վերաբերի սիւննի եւ շիի համայնքներուն, եւ կամ երկրին Ա. կամ Բ. իշխանութեանց մէջ անիշխանութիւն ստեղծելուն», ըսաւ ան:

Պըրրի հաստատեց, որ իրենք մնայուն կերպով կոչ կ՛ուղղեն երկխօսութեան, հետեւաբար կարելի չէ երկրին Բ. իշխանութիւնը ամբաստանել Լիբանանը դէպի անիշխանութիւն առաջնորդելու յանցանքով:

Պըրրի հաստատեց, որ խորհրդարանը, ըստ սահմանադրութեան 33-րդ եւ 69-րդ յօդուածներուն, կը գտնուի արտակարգ նստաշրջանի մը մէջ` պահպանելով իր բոլոր իրաւասութիւնները:

Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ երկուշաբթի օրուան լիագումար նիստը տակաւին առկայ է` աւելցնելով, որ այդ նիստին օրակարգը ինք առանձինն չէ որոշած, այլ` խորհրդարանի դիւանի նիստին ընթացքին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )