Տոհայի Մէջ. Նախագահ Սլէյման Շնորհաւորեց Քաթարի Նոր Իշխանը

Միքաթի եւ շէյխ Թամիմ

Նախագահ Սլէյման եւ շէյխ Թամիմ

 

 

 

 

 

 

 

 

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, ընկերակցութեամբ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սամիր Մուքպելի, երէկ ուղղուեցաւ Տոհա` շնորհաւորելու համար Քաթարի նոր իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանին:

Շէյխ Թամիմի հետ հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման շնորհաւորեց Քաթարի նոր իշխանը` մաղթելով, որ ան շարունակէ իր հօր ընթացքը, յատկապէս լիբանանեան-քաթարեան յարաբերութիւններուն ամրապնդումին առումով:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Քաթարի մէջ ապրող լիբանանցիներուն թղթածրարը, որուն շրջագիծին մէջ շէյխ Թամիմ շեշտեց, որ Քաթարի մէջ լիբանանցիները Քաթարի ընտանիքը կը կազմեն` աւելցնելով, որ լիբանանցիները կը յարգեն եւ յանձնառու են Քաթարի օրէնքներուն:

Շէյխ Թամիմ դրուատեց Քաթարի տարբեր մարզերու բարգաւաճման մէջ լիբանանցի քաղաքացիներուն ունեցած ներդրումը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները` ի մասնաւորի Սուրիոյ զարգացումները եւ այդ տագնապին համար քաղաքական լուծում մը ապահովելու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման շաբաթ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք վարչապետ Սալամ «Թուիթըր»-ի ընդմէջէն շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը անհրաժեշտութիւն է եւ կարելի չէ աւելի ուշացնել` նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած բարդ եւ զգայուն պայմանները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ապագային մասին մտահոգութիւնը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարար Իպրահիմ Շամսէտտին, Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի եւ Թարշիշի քաղաքապետական խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES