Հիւպատոսական Խորհրդակցութիւններ Հայաստանի Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւններուն
Յունիս 28-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ հիւպատոսական խորհրդակցութիւններու իններորդ նիստը: Հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հիւպատոսական վարչութեան պետ Վլատիմիր Կարմիրշալեան, իրանական պատուիրակութիւնը` Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան հիւպատոսական վարչութեան պետ Սէյիտ Հոսէյն Միր Ֆախար:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին երկու երկիրներու քաղաքացիներու, մասնաւորապէս` ուսանողներու, գործարարներու եւ մշակութային գործիչներու համար այցեգիրերու եւ կացութեան թոյլտուութեան տրամադրման ընթացակարգերու դիւրացման վերաբերող շարք մը հարցեր:
Խորհրդակցութիւններու արդիւնքով ստորագրուեցաւ փոխըմբռնման յուշագիր եւ ձեռք բերուեցաւ համաձայնութիւն` գումարելու հիւպատոսական խորհրդակցութիւններու յաջորդ` տասներորդ նիստը 2014-ին, Թեհրանի մէջ: