Հայաստան Պիտի Շարունակէ Միջնորդներուն Հետ Միացեալ Ջանքերը
Նախապէս հաղորդած էինք, որ 28 յունիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցաւ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ:
Սոյն հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին առնչուող հարցեր:
Նալբանդեան վերահաստատեց, որ Հայաստան պիտի շարունակէ համանախագահներուն հետ միացեալ ջանքերը` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ լուծման` միջնորդներուն կողմէ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն ներկայացուած սկզբունքներու եւ տարրերու հիման վրայ:
CATEGORIES Հայկական