Մոմավառութիւն` Ի Յիշատակ Մէկ Տարի Առաջ Սպաննուած Հայ Սպայ Վահէ Աւետեանի
Շաբաթ օր լրացաւ «Հարսնաքար» համալիրին մէջ դաժան ծեծի պատճառով մահացած զինուորական բժիշկ Վահէ Աւետեանի մահուան Ա. տարելիցը: Այդ առիթով Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանին պատկանող «Հարսնաքար» ճաշարանին մօտ տեղի ունեցաւ բողոքի հաւաք եւ մոմավառութիւն:
Յիշեցնենք, որ 17 յունիս 2012-ին նշեալ ճաշարանին մէջ ծեծի ենթարկուած պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնական կայազօրի ռազմական հիւանդանոցի ԼՈՌ բաժանմունքի պետ, բժշկական ծառայութեան 35-ամեայ սպայ Վահէ Աւետեան մահացած էր 29 յունիսի երեկոյեան:
CATEGORIES Հայկական

