Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Իրաքի Դեսպանին Հաւատարմագիրները

Անցեալ շաբաթավերջին Հայաստանի մէջ Իրաքի նոր նշանակուած դեսպան Ղազի Տահեր Խալետ իր հաւատարմագիրները յանձնեց նախագահ Սերժ Սարգսեանի:

Նախագահի պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց դեսպանը եւ վստահութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ Իրաքի դեսպանութեան վերաբացումը եւ դեսպան Խալետի կողմէ դիւանագիտական առաքելութեան ստանձնումը զգալի յառաջընթաց պիտի ապահովէ պատմականօրէն ձեւաւորուած հայ – իրաքեան բարի դրացիական յարաբերութիւններուն մէջ:

Ընդգծելով, որ այսօր Իրաքի մէջ կ՛ապրին հազարաւոր հայեր, որոնք երկկողմանի կապերու սերտացման գործին մէջ կրնան բնական կամուրջ հանդիսանալ Հայաստանի եւ Իրաքի միջեւ, նախագահը կարեւոր նկատեց քաղաքական երկխօսութեան զուգահեռ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը, մշակութային կապերու ամրապնդումը եւ աշխուժ գործակցութիւնը նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջագիծին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին մասնակիցները միտքեր փոխանակեցին Մերձաւոր Արեւելքին մէջ վերջին տարիներուն տիրող անկայուն վիճակին, ինչպէս նաեւ շրջանի ներկայիս զարգացումներուն շուրջ:

Դեսպանը վստահեցուց, որ պիտի ընէ իր կարելին հայ – իրաքեան բարեկամական յարաբերութիւնները աւելի ամրապնդելու եւ խորացնելու ուղղութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES